Վրաստանի սփիւռքի հարցերով պետական նախարարը հիւրընկալուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ

Ապրիլ 22-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը ընդունեց Վրաստանի սփիւռքի հարցերով պետական նախարար Կելա Տումպաձէի ղեկավարած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման կը մասնակցէր ՀՀ-ի մէջ Վրաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թենկիզ Շարմանաշուիլին:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարը ներկայացուց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպատակաուղղուած` Հայաստանի պետական քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքները եւ այդ ուղղութեամբ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներն ու կատարուած աշխատանքները: Խօսուեցաւ նաեւ այս օրերուն իրականացուող` «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» հասարակական-քաղաքական միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս իրականացուող «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատասխանատուութեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» գիտաժողովին մէջ քննարկուող հարցերու մասին:

Վրաստանի սփիւռքի հարցերով պետական նախարար Կելա Տումպաձեն ներկայացուց Վրաստանի մէջ սփիւռքի հետ աշխատող իր ղեկավարած կառոյցի գործառոյթները,  ամէն տարի Պաթումիի մէջ կազմակերպուող «Սփիւռքի օր» ձեռնարկներու բովանդակութիւնն ու նպատակները եւ նախարարին հրաւիրեց մասնակցելու այս տարի աշնանը կազմակերպուող վրացական Սփիւռքի` տնտեսական գիտաժողովին: Վրաստանի սփիւռքի հարցերով պետական նախարարը կարեւորեց փորձի փոխանակումը, յետագայ համագործակցութիւնը եւ համատեղ ծրագիրներու իրականացումը:

Վրաստանի պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցան նաեւ նախարարութեան վարչութիւններուն հետ, ծանօթացան «Հայաստան-Սփիւռք» գործակցութեան հայեցակարգին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, գերատեսչութեան վերջին տարիներու գործունէութեան, տարածաշրջանային վարչութիւններու աշխատանքներու առանձնայատկութիւններուն եւ համահայկական կազմակերպութիւններու հետ կատարուող աշխատանքներուն:

sp2sp4 sp5sp3

Scroll Up