ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը կ’ոգեկոչէ անմեղ նահատակներու յիշատակը
ՀՕՄ -ի Հայաստանի Շրջանային վարչութենէն «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնեն, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս ՀՕՄ -ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը շարք մը ձեռնարկներ նախաձեռնած է:
Ապրիլ 22-ին, ժամը 19:00-ին, Համազգային թատրոնին մէջ տեղի կ’ունենայ Արմէն Սանթրոսեանի «Դալար շիւեր» ներկայացման անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Ապրիլ 24-ին Կիեւեան կամուրջի յարակից տարածքէն երթ կը կազմակերպուի դէպի Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակ կը դրուի` ի յիշատակ անմեղ նահատակներուն:
Շարունակելով ոգեկոչման ձեռնարկները` Ապրիլ 25-ին ՀՕՄ -ուհիները կ’այցելեն Եռաբլուր (ծաղիկներ կը դնեն Սօսէ մայրիկի շիրիմին), Կոմիտասի անուան պանթէոն, Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկ եւ Հայ օգնութեան միութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանին:
Աւարտելով նախաձեռնած ձեռնարկներու շարքը` ՀՕՄ -ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը Ապրիլ 25-ին աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիներու մասնակցութեամբ ընթրիք-հանդիպում կը կազմակերպէ:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 16-ին ՀՕՄ -ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը «Փոքրիկ Իշխան» կրթահամալիրին հետ համատեղ կազմակերպած էր «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրով ձեռնարկ–վարդատունկ, որուն ընթացքին Կրթահամալիրի սաները խորհրդանշական 100 վարդ ցանած են:
Իսկ Ապրիլ 17-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ կեանքի կոչուեցաւ «Հայ կնոջ դերը ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անկէ յետոյ» թեմայով գիտաժողովը: