Պոլսոյ պատրիարքարանի Ապրիլ 24-ի արարողութեան Թուրքիան կը մասնակցի նախարարի մակարդակով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/Պոլսո-հայոց-պատրիարքարան-300x225.jpg)
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէթ Տաւութօղլուն թրքական «Kanal 24» հեռուստաալիքի եթերով անդրադարձած է հայկական թեմային առնչուող շարք մը հարցերու, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Առաջնահերթ տեղեկացուցած է, որ թրքական իշխանութիւնները կը ծրագրեն Ապրիլ 24-ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ տեղի ունենալիք կրօնական արարողութեան մասնակցութիւն ունենալ նախարարի մակարդակով:
Նշելով Հայաստանի հզօրացման հայկական սփիւռքի խանգարիչ գործօն ըլլալու մասին անհեթեթութիւններ` Թուրքիոյ վարչապետը, այնուամենայնիւ, խոստովանած է, որ սփիւռքահայութիւնը բաւականին զօրեղ ուժ է: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւ ընդունած երկիրներու վերաբերեալ Տաւութօղլուն ըսած է, թէ այդ որոշումները գործնական կիրառութիւն չեն կրնան ունենալ:
Իր արդէն նախկին գլխաւոր խորհրդական Էթյէն Մահչուփեանի մասին Թուրքիոյ կառավարութեան ղեկավարը դրական արտայայտուած է` բնութագրելով անոր իբրեւ շատ զարգացած անձնաւորութիւն: Պաշտօնաթողութիւնը պայմանաւորած է կենսաթոշակային տարիքի հասնելու հետ:
Տաւութօղլուն նաեւ յիշեցուցած է, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտութիւններուն իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) նախընտրական ցուցակին մէջ ընդգրկուած է նաեւ ազգութեամբ հայ
թեկնածու: Ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ ԱԶԿ-ի կողմէ հայ թեկնածուի առաջադրումէն յետոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւս պատգամաւորի հայ թեկնածուներ առաջադրեցին: