Ալմալիքին պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Իրաքահայերուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/363841_Nouri-al-Maliki.jpg)
Նախապէս «Հայերն այսօրը» տեղեկացուցած էր (նիւթը կրնաք կարդալ այստեղ), որ Իրաքի խորհրդարանի փոխխօսնակ Աարամ Շէյխ Մուհամմէտը մերժած էր խորհրդարանին մէջ ընթերցել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ իրաքահայերու խօսքը:
Իրաքի Հանրապետութեան նախագահի առաջին տեղակալ պրն. Նուրի Ալմալիքին պատրաստակամութին յայտնած է աջակցելու իրաքահայերուն:
Երէկ երեքշաբթի` պրն. Մալիքիի պաշտօնական գրասենեակի յայտարարութեան մէջ ըսուած է՝ «Հանրապետութեան նախագահի առաջին տեղակալը երէկ իր պաշտօնական գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքահայոց թեմի առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեանը: Ան կոչ ուղղեց բոլոր պատկան մարմիններուն աջակցելու իրաքահայերուն` յաղթահարելու անոնց առաջ բախուած դժուարութիւնները». Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ «Իրաքի ժողովուրդի բոլոր հատուածներու կարիքները պէտք է հոգալ»: Ալմալիքին իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է իրաքահայերուն աջակցելու ինչպէս նաեւ բոլոր կրօնական փոքրամասնութիւններուն: Ան կոչ ողղած է Իրաքի քրիստոնեաներուն չարտագաղթելու Իրաքէն, քանի որ անոնք կարեւոր անկիւնաքար կը հանդիսանան երկրին համար:
Հանդիպման՝ Աւագ Արք. Ասատուրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է պրն. Մալիքիի դիրքորոշման, մշտապէս աջակցելուն բոլոր կրօնական փոքրամասնութիւններուն ընդհանրապէս եւ քրիստոնեաներուն եւ հայերուն յատկապէս: