Ամերիկահայեր. Օպաման զիջեց Թուրքիային
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/ggg-300x225.jpg)
ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի աշխատակազմի ղեկավար Տենիս Մաքտոնոուն եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնականի տեղակալ Պեն Ռոտսը Սպիտակ տան մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին ԱՄՆ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հաստատած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը որոշած է Ապրիլ 24-ի իր յայտարարութեան մէջ չճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին ըսուած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:
«Այն, որ նախագահ Օպաման զիջեց Թուրքիային, ազգային ամօթ է: Աւելի պարզ խօսքով` ատիկա դաւաճանութիւն է ճշմարտութեան ու վստահութեան»,- յայտարարած է Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Հաչիկեան:
«Մինչ Ապրիլ 24-ին համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի արարողութիւններուն, նախագահ Օպաման, ցաւօք, մեր երկրի հեղինակութիւնը կ’օգտագործէ ոչ թէ ի պաշտպանութիւն ճշմարտութեան, այլ մէկ այլ երկրի արգելքի օրէնքը պաշտպանելու համար»,- յայտարարած է Հաչիկեան:
ANCA-ն յիշեցուցած է, որ ընտրուելու համար Օպաման ոչ երկիմաստ խոստացած էր 1915-1923 թ.թ. Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի քան 1.5 մլն հայերու սպանութիւնները Ցեղասպանութիւն ճանչնալ: 2008 թուականի Յունուար 19-ի յայտարարութեան մէջ ան գրած էր. «Անհնար է ժխտել այդ փաստերը: Պաշտօնական տրամաբանութիւնը, որ դիւանագէտներուն կը ստիպէ խեղաթիւրել պատմական փաստերը, անընդունելի է: Իբրեւ ծերակուտական` ես յստակ կերպով կը սատարեմ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունմանը»: