Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ կը կայանան բողոքի երթեր` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին

Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու հայաշատ քաղաքներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններու ծիրէն ներս  հայ երիտասարդները դուրս պիտի գան բողոքի երթի:

Հարաւային Ամերիկայի հայ երիտասարդներու միաւորումը  ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեղադրած է երթերու ժամանակացոյցը.

Ապրիլ 23-ին` ժամը 18:00-ին, երթ կը կայանայ  Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնդեւիտէոյի մէջ, Ապրիլ 24-ին` ժամը 14:00-ին, Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ: Ապրիլ 28-ին` ժամը 19:00-ին, երթ կը կայանայ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ: Երթը կը շարժի դէպի  Պուէնոս Այրէսի Թուրքիոյ դեսպանատուն:

Scroll Up