Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած դասախօւութիւն արաբերէն լեզուով

Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, Ուրբաթ, 17 Ապրիլ 2015-ին, կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Երիտասարդական Յանձնախումբի, տեղի ունեցաւ երիտասարդական Դասախօսութիւն արաբերէն լեզուով, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» խորագիրով, բանախօսութեամբ տիար Սարգիս Պռունսուզեան: 100 Ամեակի երիտասարդական յանձնախումբի անունով բարի գալուստ մաղթելով ողջոյնի խօսք արտասանեց Յասմիկ Եայլայեանը: Դասախօսութեան ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու երիտասարդական միութիւններէ հարիւրէ աւելի ունկնդիրներ: Յետ Դասախօսութեան ներկաները առիթ ունեցան բանախօսին հարցումներ ուղելու: Ապա Դալար Ալահվէրտեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Երիտասարդական Յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած ապրիլեան միջոցառումներուն ծրագիրը: Երեկոյի աւարտին՝ Նազարէթ Նազարեան, Արա Քահքէճեան եւ Մարինա Նազարենա արաբերէն լեզուով բեմադրեցին «Թալեաթի եւ Գրիգոր Զոհրապի վերջին հանդիպումը» կենդանի պատկերի ներկայացումով:
100-Ամեակի Երիտասարդական Յանձնախումբի անունով Արթօ Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար: Ապա Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս Նալպանտեանի փակման խօսքով աւարտեցաւ դասախօսական երեկոն:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի