Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նուիրուած քաղաքական ձեռնարկ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում
Երէկ Կիրակի 19 Ապրիլին, Աթէնքի մէջ բազմամարդ ներկայութեամբ նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը։ Աթենահայութիւնը հայութեան արդար պահանջատիրութեան ձայնը լսելի դարձուց յունական եւ միջազգային պետական ու հանրային կարծիքին մօտ։ Աթէնքի կեդրոնական «Փալլաս» սրահէն ներս իրագործուած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի պետական-քաղաքական կեանքի մեծ թիւով բարձրապաշտօն խորհրդարանական եւ քաղաքական դէմքեր, գլխաւորութեամբ պետական նախարար Փանաեոթիս Նիքոլուտիսի, Արդիւնաբերութեան, բնապահպանութեան եւ ուժանիւթի նախարար Փանաեոթիս Լաֆազանիսի եւ Յունաստանի Զինուած Ուժերու ընդհանուր պետ Միխայիլ Գոսթարաքոսի։ Ներկայ էին օտար դիւանագիտական շրջանակներ եւ զինուորականներ, քաղաքապետներ, լրագրողներ, ակադեմականներ, որոնք յարգեցին հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը: Յատկանշական էր օտար դիւանագէտներու ներկայութիւնը։ Ներկայ եղան Գերմանիոյ, Ռուսաստանի, Խրուաթիոյ, Լիթվայի եւ Լիթուանիոյ, Չեխիոյ, Իրաքի, Էսթոնիայի, Զուիցերիոյ, Պոսնիա-Հերցեկովինայի դեսպաններ եւ դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ Յունաստանի Բանակի գլխաւոր շտապի պետի ներկայացուցիչ, «Էվէլփիտոն» սպայից վարժարանի պետ, զօրավար Տիմիթրիս Ռեսքոս: Օտար հիւրերուն համար նախատեսուած էր խօսքերու թարգմանութիւնը անգլերէն լեզուով:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը, հայ կրօնական յարանուանութեանց պետերը եւ կրօնական դասը, «Էվէլփիտոն» սպայից վարժարանէն ներս ուսանող հայ կուրսանդները, իրենց ղեկավար՝ Հայաստանի ռազմական կցորդ գնդապետ Սամուէլ Ռամազեանի գլխաւորութեամբ:
Աւելցնենք նաեւ հետեւեալ ներկայութիւնները.- Պետական փոխ նախարար Թերենս Քուիք, խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ափոսթոլոս Գաքլամանիս, Հայ-Յունական բարեկամութեան խումբի փոխ նախագահ Աթանասիատիս եւ քարտուղար Անտոնիս Փաւլիտիս, ՓՈԹԱՄիի եւրոերեսփոխան Քիրքոս Միլթիատիս, Պաշտպանութեան-Արտաքին գործոց եւ Կրթութեան նախարարութեանց ներկայացուցիչներ, հելլէն խորհրդարանական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, Փիրէայի փոխ մարզպետ Ղավրիլիս, Փիրէայի քաղաքապետ Մորալիս, Նիքէա -Ռենտիի քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիս, Աթէնքի քաղաքապետի ներկայացուցիչը, Յունաստանի ցամաքային, ծովային ուժերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ասորական, յունական եւ պոնտական, հրէական քաղաքական-ընկերային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համալսարանական փրոֆէսէօրներ: Սրահի մուտքին կանգնած էին եւ պաշտօնական հիւրերը պատուի կ’առնէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ-արենուշները, որոնք իրենց լրիւ կազմերով, գայլիկ-արծուիկներով եւ խմբապետներու առաջնորդութեամբ գլխաւորեցին նաեւ քայլարշաւը դէպի Սինտաղմա:
Յայտագիր
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելով, ներկաները մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութիւն պահեցին։ Օրուայ նախագահն էր ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, որ «կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսի հիմամբ՝ շեշտեց 100ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման խոր անհրաժեշտութիւնը, որպէս յուշ մեր անցեալին, այլ նաեւ պահանջք եւ յարատեւ պայքարի խոստում, մինչեւ հայութեան արդար պահանջքներու իրականացումը։
Տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս
Գրական ոճով, բայց նոյն պահուն սուր քաղաքական խօսքով հանդէս եկաւ Կիպրոսի եւրոերեսփոխան տոքթ. Էլէնի Թէոխարուս։ Ան զգայացունց իր խօսքերով, դատապարտեց Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքը, մատնացոյց ըրաւ Թուրքիոյ փանթուրանական ծրագրի ծալքերը, շեշտեց Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ բացայայտեց Թուրքիոյ-Ատրպէյճանի կեղծաւոր կեցուածքները։
Տոքթ. Թէոխարուս մարդկային բարոյական բարձր արժէքներն ու սկզբունքները վկայակոչելով՝ խօսեցաւ հայ ազգի պատմութեան մասին, հերոս ական Արցախի ազատագրական պայքարը վկայակոչելով եւ յոյս յայտնելով որ օրը պիտի գայ երբ Կիպրոսի ազատագրումն ալ պատմական իրողութիւն պիտի դառնայ։ Ան անդրադարձաւ հայ-յոյն ազգերու եղբայրական դարաւոր ու ճշմարիտ կապերուն, նշելով թէ իր մտքին մէջ վառ կը պահուին հայ գաղթական բեկորները, որոնք ապաստան փնտռեցին ու գտան հիւրընկալ Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ։
Վկայակոչեց հայ մեծանուն բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի հետ իր հանդիպումը, նշելով թէ օրինակելի էր բանաստեղծուհիի յղած նամակը թուրք գրող Նազիմ Հիքմեթին, երբ կը գրէր իրեն թէ «կրնանք եղբայրանալ, կրնանք իրար սիրել, նախապայման է սակայն որ մեզմէ խլուած հողերը մեզի վերադարձնէք»։ Նոյն այս վճռակամ կեցուածքը ցոյց տուած էր յունական ազատագրական պայքարի դէմքերէն Ռիղաս Ֆերէոս, որ կը գրէր թէ «Յոյները երբեք խաղաղութիւն չեն կրնար կնքել, յունական հող գրաւած բռնապետի հետ»։
Տոքթ. Թէոխարուս խօսեցաւ նաեւ անցեալ Չորեքշաբթի օր Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս որդեգրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի բանաձեւի մասին, նշելով թէ ազատ եւ արդար մարդոց պարտք է յիշեցնել Թուրքիոյ իր պարտաւորութիւնները, մանաւանդ այսօր, Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, գիտակցելով թէ ազգի մը ցեղասպանութիւնը պատմական ճշմարտութիւն ըլլալէ անդին՝ նաեւ քաղաքական իրողութիւն մըն է։ Թուրքիա առանց անդրադարձած ըլլալու իր գործած ոճիրի ծաւալի մասին, կը համարձակի բախել Եւրոպական Միութեան դուռը, յամառօրէն ժխտելով առերեսուիլ իր անցեալին հետ, յամառօրէն անտեսելով միջազգային իրաւական սկզբունքներն ու պարտաւորութիւնները։
«Ողբ Ատանայի», «Հիմի էլ լռե՞նք» եւ «Տէր Զօր» երգերով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երկսեռ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Տ. Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարօ Պարտաքճեանի։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ ողջոյնի խօսքերով։ Հանդէս եկան Ատիկէի փոխ մարզպետ Էրմինա Քիփրիանիտու, Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, հելլէն խորհրդարանի փոխ նախագահ պրն. Պալաֆաս, հելլէն կառավարութեան կողմէ Ազգային Պաշտպանութեան փոխ նախարար Նիքոս Թոսքաս։ Բոլորը դատապարտեցին Թուրքիոյ կեցուածքը, որ ուժը չէ ունեցած ընդունելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ կը շարունակէ աղաւաղումներով ու կեղծիքներով մերժողական կեցուածք ցուցաբերել։
Հայ երիտասարդութեան խօսքը արտասանեց Արման Մէնէնտեանը եւ յայտագիրը աւարտեցաւ «Էվրիթմոն» լարային քառեակին կողմէ հրամցուած հայկական երաժշտութեամբ։
Քայլարշաւ եւ ձաղկեպսակներու զետեղում
Ապա բոլոր ներկաները, առաջնորդուելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական խումբերով եւ երիտասարդականի պարզած պաստառներով յառաջացան Սինտաղմայի հրապարակը։ Արարողութիւնը կատարուեցաւ Աթէնքի քաղաքապետութեան ֆանֆարի, եւ զինուորական պատուոյ ջոկատի ներկայութեամբ։
Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ ձաղկեպսակներ զետեղուեցան, Յունաստանի պետական եւ քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներուն կողմէ, 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան 1.500.000 անմեղ հայ զոհերու յիշատակին:
Հելլէն մամուլին անդրադարձը
Անցնող օրերուն հելլէն ելեկտրոնային լրատուական կայքէջեր, ինչպէս եւ տպագիր ազդեցիկ թերթեր («Էլէֆթէրոթիփիա», «Քաթիմերինի») լրատուութեամբ եւ տարբեր յօդուածներով անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին եւ յունահայ գաղութի կողմէ կազմակերպուող պահանջատիրական ձեռնարկներուն, յուշելով հայութեան դէմ գործուած ոճիրի դատապարտման անհրաժեշտութիւնը:Յատուկ էին հեռատեսիլէն սփռուած յայտագիրներ, Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներու կազմակերպման առիթով:
Մէկը Թեսաղոնիկէի TV 100 կայանէն սփռուած Պետրոս Հալաճեանի հարցազրոյցն էր, SKAI կայանէն սփռուող Եորղոս Աֆթիասի յայտագրէն ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մարի Եղիշէյեանի ելոյթը, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչներ Ռազմիկ Էրջէնեանի եւ Վարդան Չիչէքեանի ելոյթը «Ռատիօ Մաքսիմում» ռատիոկայանէն:
Այս մասին յայտնած է Ազատ օր: