ԱՄՆ նախագահի թեկնածուն կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Հանրապետական կուսակցութենէն ԱՄՆ նախագահի թեկնածու, ծերակուտական Թետ Քրուզ կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ծերկակուտական Քրուզի այս յայտարարութիւնը ընթերցուած է խաղաղութեան երթի եւ հանրահաւաքի ժամանակ` հազարաւոր մարդոց ներկայութեամբ: Յայտարարութեան մէջ կոչ կ’ուղղուի Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեաներու կոտորածները ճանչնալ իբրեւ ցեղասպանութիւն: