Պասկերու խորհրդարանը դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ ըրած ճանչնալու զայն
Պասկերու խորհրդարանը դատապարտած է Հայոց «սարսափելի» Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիայէն պահանջած՝ ճանչնալ զայն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է «հաշտութիւն հաստատել երկու երկիրներուն միջեւ` ընդհանուր պատմութեան հիմունքով»:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ, երբ Օսմանեան կասրութիւնը հրահանգեց տեղահանել հարիւրաւոր հայեր եւ արտաքսել զանգուածային երթով»։
Վկայակոչելով սպանական Abc.es պարբերականը՝ Artsakhpress.am կը հաղորդէ, թէ Պասկեան խորհրդարանի` երէկ կայացած լիագումար նիստի աւարտին ելոյթ ունեցած է Պալատի նախագահ տիկին Պագարդխօ Դեճերիան` ներկայացնելով պաշտօնական յայտարարութիւնը, որուն միջոցով «իր յարգանքն ու համերաշխութիւնը կը յայտնէ զոհերու ընտանիքներուն», որոնք այսօր դեռ կը տառապին կոտորածներու հետեւանքներուն պատճառով:
Յայտարարութեան մէջ կը յիշատակուի, որ «հակառակ բազմաթիւ խնդրանքներու եւ կոչերու` Թուրքիոյ կառավարութիւնը պաշտօնապէս չէ ճանչցած այս պատմական ոճրագործութիւնը, որ համակարգուած իրականացուած է իբրեւ Ցեղասպանութիւն»:
Խորհրդարանը կոչ ուղղած է «թափանցիկ եւ անկեղծ երկխօսութիւն» սկսիլ թուրքերու եւ հայերու միջեւ «միասնական ապագայ կառուցելու համար, որ թոյլ պիտի տայ փակելու պատմութեան այս ողբերգական գլուխը», որուն համար կարեւոր է հասկնալը, ճանաչումն ու արդարութիւնը: