Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու Պալատին Մէջ Արտահերթ Նիստ՝ Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-¬րդ Տարելիցին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/ուրուգվայ-300x225.jpg)
Ուրուկուէյի ներկայացուցիչներու պալատին մէջ աւարտած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած արտահերթ նիստը:
‹‹Արմէնփրես››-ի հետ զրոյցին ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արփի Հոչաչանեան ըսած է, որ արտահերթ նիստը բաւական երկար տեւած է, քանի որ ներկայ եղած են բոլոր կուսակցութիւնները, եւ բազմաթիւ պատգամաւորներ ցանկացած են ելոյթ ունենալ:
Ներկայացուցիչներու պալատի փոխնախագահ Սուսաննա Պերէյրան իր ելոյթին մէջ կարեւորած է Ուրուկուէյի մէջ հայ ժողովուրդի յիշողութեան պահպանումը: Ան խօսած է հայ եւ ուրուկուէյցի ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին` շեշտելով, որ տեղի հայ համայնքը մեծագոյն ներդրում ունեցած է այդ բարեկամութեան կայացման գործին: Պերէյրան պատմած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կայացած ընտրութիւններու ժամանակ իր դիտորդական առաքելութեան մասին:
Մէկ այլ ներկայացուցիչ` Խորխէ Գուեկչեանը պատմած է իր հայկական ծագման մասին` նշելով, որ իր մայրը, որ ցեղասպանութեան ժամանակ ընդամէնը 8 տարեկան եղած է, փրկուած է թուրքերէն` թաքնուելով անապատի քարանձաւներէն մէկուն մէջ: Սակայն գաղթի ճանապարհին եղած հազարաւոր փոքրիկներուն այդ մէկը չյաջողեցաւ:
Կիլիերմօ Ֆասելօն խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի կարեւորութեան մասին` աւելցնելով, որ պէտք չէ տարանջատում դրուի Հոլոքոսթի եւ Հայերու ցեղասպանութեան միջեւ:
Ուրուկուէյի ներկայացուցիչներու պալատի ներկայացուցիչ Դանիէլ Ռատիօն պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի յայտարարութեան, թէ ուր են Հայոց ցեղասպանութեան ապացոյցները: ‹‹Հայ ժողովուրդը քարոզչութեան կարիք չունի: Ատոր համար կան երկիրներու խորհրդարաններ, ատոր համար կայ Ուրուկուէյի խորհրդարանը եւ մենք ատիկա կ՛ընենք առանց մեղքի զգացումի, առանց բարդոյթներու, քանի որ մենք գիտենք, որ մեր ըրածը բարոյական է եւ գիտենք, որ 50 տարի առաջ այս նոյն շէնքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրինագիծ ընդունածները ալ բարոյական էին եւ նաւթով կեղտոտուած չէին››,- ըսած է ան: