Քորսիքայի վեհաժողովը միաձայն Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ընդունած է

Քորսիքայի նախագիծը միաձայն բանաձեւ  ընդունած է, որմով կը պահանջէ Թուրքիոյ կողմէ հայերու սպանդը ճանչնայ իբրեւ ցեղասպանութիւն: Այդ մասին ըստ NEWS.am-ի` կը յայտնէ «France 3 Corse ViaStella» հեռուստաալիքը:

Բանաձեւի պարունակութիւնը պիտի փոխանցուի Ֆրանսայի ԱԳՆ-ին, որպէսզի այն ուղարկուի Թուրքիոյ կառավարութեան: Բանաձեւի նախագիծը, որ ներկայացուած է տարածքային խորհրդական Ժան Պեանկուչիի կողմէ, ստացած է տեղական ընտրովի ներկայացուցիչներու լիակատար հաւանութիւնը:

Նշենք, որ 2001. Յունուարին Ֆրանսան դարձաւ առաջին խոշոր եւրոպական երկիրը, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ  քանի մը երկիրներ քրէական պատասխանատուութիւն  մտցուցած են ատոր ժխտման համար:

Scroll Up