Հետուիկ Պիւլ. «Իմ Սիրտը Հայ Է…»

Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայերու կողքին կանգնած միսիոներուհիներու շարքին էր Հետուիկ Պիւլ: Յիշեցնենք, որ այս  միսիոներուհիները ընդգրկուած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրին մէջ:

Էսթոնացի Հետուիկ Պիւլ եւս ցեղասպանութեան տարիներուն հայերու կողքին կանգնած միսիոներներու շարքին էր: Ան ծնած է 1887թ. Էսթոնիոյ Հաապսալու փոքրիկ քաղաքին մէջ: Ըլլալով բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ` Հետուիկ ստացած է հիանալի կրթութիւն: Տիրապետած է մայրենի էսթոներէնը, ռուսերէնը, ֆրանսերէնը, անգլերէնը, գերմաներէնը, իսկ Կիլիկիոյ մէջ միսիոներական առաքելութիւնը իրականացնելու ընթացքին` նաեւ թրքերէնն ու հայերէնը: 1909թ. երիտասարդ Հետուիկ եւրոպական մամուլի էջերէն կը տեղեկանայ Ատանայի մէջ հայկական կոտորածներու սարսափազդու լուրերուն մասին եւ կը կայացնէ  ճակատագրական որոշում. մեկնիլ հեռաւոր երկիր` կոտորածներու հետեւանքով որբացած քրիստոնեայ երեխաներու փրկութեան գործին մասնակցելու համար: 1911թ. ան կը ժամանէ Կիլիկիա եւ կ’անցնի աշխատանքի Մարաշի ծնողազուրկ հայ երեխաներուն համար գերմանացի աւետարանական քարոզիչներու կողմէ բացուած «Պէյթել» որբանոցին մէջ`  իբրեւ ուսուցչուհի: Այստեղ չորս տարի պաշտօնավարելէ ետք` 1915թ.-ին, ան ականատես եղաւ երիտթուրք իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող հայկական կոտորածերուն: 1916-19թթ. Հետուիկ Պիւլ աշխատած է նոյն միսիոներական առաքելութեան պատկանող Հարունիէ գիւղի (Մարաշէն հարաւ) գերմանական որբանոցին մէջ: 1918թ. երիտասարդ միսիոներուհին իր գործադրած գերմարդկային ջանքերուն շնորհիւ կրցաւ թրքական աքսորէն փրկել որբանոցի սաները եւ անոնց ազատել վերահաս վտանգէ: 1919թ. հաշուի առնելով Կիլիկիոյ մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը` Հ. Պիւլ հարկադրուած էր մեկնիլ Էսթոնիա: Սակայն անոր բաժանումը իր սիրելի հայ ժողովուրդէն երկար չտեւեց: 1922թ. կը սկսի Հ. Պիւլի հայասիրական գործունէութեան երկրորդ փուլը: Ան կ’անդամագրուի Սթրասպուրկ քաղաքին մէջ հիմնադրուած «Քրիստոնէական առաքելութիւն Արեւելքի մէջ» աւետարանական մարդասիրական կազմակերպութեան եւ կը մեկնի Հալէպ: Կենցաղային տարրական պայմաններէն զուրկ հայ գաղթականութեան շրջանին խիստ տարածուած էին վարակիչ զանազան հիւանդութիւններ, որոնք օրական հարիւրաւոր մարդկային կեանքեր կը խլէին: Անհրաժեշտ էր շտապ ձեւով կազմակերպել հիւանդներու փրկութեան գործը: Հալէպի մէջ Հ. Պիւլի նախաձեռնութեամբ կը բացուի հիւանդանոց, ուր կ’աշխատին Սուրիոյ նշանաւոր հայ բժիշկներ: Հ. Պիւլն իր մարաշցի ծանօթներու օգնութեամբ կը հիմնէ ջուլհականոց եւ ձեռագործի արհեստանոց: Այստեղ աշխատանք գտան մօտ 500 հայ կանայք եւ աղջիկներ, որոնց գործած գորգերն ու ձեռագործները կը վաճառուէին եւրոպական երկիրներու մէջ, իսկ ստացուած հասոյթը կը տրուէր հայ կանանց` իրբեւ աշխատավարձ: Հետուիկ Պիւլի նախաձեռութեամբ Հալէպի տարբեր դպրոցներ յաճախող աւելի քան 250 հայ երեխաներու համար կը սահմանուին կրթաթոշակներ: Իր կատարած բազմաթիւ հայանպաստ աշխատանքներուն համար Պիւլն անչափ սիրուած էր Հալէպի հայ համայնքին կողմէ, որուն համար արժանացած է «Պիւլ Մայրիկ» պատուաւոր կոչման: Գրեթէ 40 տարի իր կեանքը անմնացորդ նուիրելով հայ ժողովուրդին` Հ. Պիւլ 1951թ. 64 տարեկան հասակին կը հեռանայ  Հալէպէն` այդպէս ալ չունենալով սեփական ընտանիք: Հ. Պիւլ կը հաստատուի Եւրոպայի մէջ: Այստեղ ան կը շարունակէ նամակագրական կապը իր նախկին սաներուն հետ, որոնք ցրուելով աշխարհով մէկ` չէին մոռնար սիրելի Պիւլ Մայրիկը:  Անոնցմէ մէկուն ուղղուած նամակին մէջ Հետուիկ Պիւլ գրած էր. «…իմ սիրտը հայ է…»: 1965թ. 78-ամեայ Պիւլ կրկին ժամանեց Սուրիա, ապա Լիբանան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ: Կեանքի վերջին տարիները Հ. Պիւլ ապրեցաւ գերմանական ծերանոցներէն մէկուն մէջ: 90-անց զառամեալ կինը` մահուան մահճակալին պառկած, մոռցած էր այն վեց լեզուները, որոնց ան ազատօրէն կը տիրապետէր եւ ծերանոցի աշխատակիցներուն հետ կը հաղորդակցէր միայն իրեն հարազատ դարձած հայերէնով: Պիւլ Մայրիկը մահացաւ 1981թ. Հոկտեմբեր 3-ին` 94 տարեկան հասակին: 2003թ. անոր գերեզմանէն բերուած հողը ամփոփուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրի Յուշապատին մէջ:

Scroll Up