Թաներ Աքչամ. «Թուրքիա Ինչպէ՞ս Պէտք Է Առերեսուի Իր Պատմութեան Հետ»

Յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ Հայկական հարցին մասին իր հերթական յօդուածը հրատարակեց «Թարաֆ» թերթի մէջ, անդրադառնալով Ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու հաւանական տարբերակներուն եւ փորձելով գտնել «առերեսման ամերիկեա՞ն, թէ՞ գերմանական նախատիպ» հարցումին պատասխանը:

Ստորեւ մասնակի կրճատումներով կը ներկայացնենք այդ յօդուածը.-

Գերմանիա Իսրայէլի պետութեան եւ հրէական սփիւռքին հետ համաձայնութիւն գոյացուց եւ փոխհատուցում տալու ճամբով լուծեց Հրէական ողջակիզման հարցը:

Բացի ատկէ, անշուշտ, Գերմանիա այս հարցին մօտեցաւ որպէս երկրի ներքին գործ, պատմութեան հետ առերեսուելու եւ ֆաշականներու սպանութիւններու վերաբերեալ հանրութիւնը կրթելու ճամբով: Հակառակ բազմաթիւ քննադատութիւններուն` Գերմանիոյ իշխանութիւնները այս թեման դարձուցին «գերմանական ինքնութեան» անբեկանելի մէկ մասնիկը:

Ամերիկա, սակայն, բնիկներու (կարմրամորթներ) հանդէպ իր գործած վայրագութիւնները կը քննարկէ հասարակական մակարդակով: Հարցը ազատօրէն կը քննարկուի, սակայն փնտռտուք չկայ զայն ամերիկեան ինքնութեան մասնիկ դարձնելու ուղղութեամբ:

Թուրքիա իր պատմութեան հետ առերեսուելու համար այս երկու տարբերակներէն ո՞ր մէկուն աւելի մօտիկ կանգնած է:

Ես կ՛ըսեմ, որ թէ՛ կառավարական եւ թէ՛ 1915-ին առերեսուելու առաջարկ ընող շրջանակները այս հարցին կը մօտենան ամերիկեան նախատիպով: Այսինքն կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ այս հարցի առնչութեամբ էական տարբերութիւններ չկան: Հարցը կը դիտարկուի որպէս ժողովրդավարութեան մասնիկ մը:

Հարցը ազատօրէն քննարկելու իրողութեան մէջ պէտք է ձերբազատիլ բոլոր խոչընդոտներէն: Թուրքիոյ մէջ բնակող հայեր հաւասար իրաւունքներ պէտք է ունենան, պէտք է ներողութիւն խնդրել հայերէն, վագըֆներու (համայնքապատկան կալուածներ. Ա.) մակարդակով ինչ-ինչ հարցեր պէտք է լուծուին. ներկայիս այդպիսի պահանջներ է, որ մէջտեղ կը քշուին:

Այսինքն, ըստ էութեան, ժողովրդավարական նոր հասարակութիւն մը կառուցելու ձեւերէն մէկն ալ Հայկական հարցին հետ առերեսումն է:

Ասոնք անժխտելի են, սակայն ես կ՛առաջարկեմ Հայաստանի ու սփիւռքի հետ քննարկել հաւանական նախատիպը: Գերմանիոյ տարբերակը չ՛անտեսեր ժողովրդավարացումը: Ընդհակառա՛կը, գերմանական նախատիպը ա՛լ աւելի կ՛ամրապնդէ ժողովրդավարական ինքնութիւնը:

Յետոյ… Պէտք չէ մոռնալ, որ Ամերիկայի բնիկները ո՛չ պետութիւն ունին եւ ո՛չ ալ սփիւռք:

1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք հիմնուեցան Հայաստանն ու սփիւռքը: Ներկայ Հայաստանը ստեղծուեցաւ Արեւելեան Հայաստանի հողատարածքի մէջ: Սակայն այդ պետութիւնը ստեղծելու ընթացքին բնակչութեան թերեւս կէսէն աւելին Ցեղասպանութենէն փրկուածներն էին: Այդ մարդիկը իրենց նոր բնակավայրերու բազմաթիւ քաղաքներուն ու գիւղերուն տուին անունները այն քաղաքներուն եւ գիւղերուն, ուր ապրած էին Ցեղասպանութեան դաժան իրականութիւնը «Արեւմտեան Հայաստան» կոչուած հողատարածքի մէջ:

Աւելորդ է ըսել, որ հայկական սփիւռքը հետեւանք է 1915-ի Ցեղասպանութեան:

Հետեւաբար, սփիւռքն ու Հայաստանը անտեսելով, Ցեղասպանութիւնը միայն Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու հետ լուծելը կրնայ հիմերը դնել ժխտումի քաղաքականութեան նոր հարիւրամեակի մը:

Ամերիկայի մէջ բնիկները տակաւին արդարութեան կը սպասեն:

Հայկական սփիւռքն ալ արդարութիւն կ՛ուզէ, Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութիւնը գլխաւորաբար ազատութիւն կը պահանջէ: Անոնք, որոնք արդարութիւն կը պահանջեն` ազատութեան, իսկ անոնք, որոնք ազատութիւն կը պահանջեն` արդարութեան կարեւորութիւնը բաւականաչափ չեն զգար:

Հրանդ Տինք լուծման բանալի կը նկատէր սփիւռքի համաժողով մը կազմակերպելն ու սփիւռքի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ հասարակաց լեզու գտնելը:

Տինքի կեանքը չբաւեց, որ կարենար հասարակաց լեզու ստեղծել, սակայն անոր սպանութիւնը այդ հասարակաց լեզուի հիմը դրաւ: «Հրանդին միջոցով առերեսուէ՛ Ցեղասպանութեան հետ» կարգախօսին իմաստը ա՛յս է ահաւասիկ:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Scroll Up