Քայլարշաւ Վրաստանի Սահմանէն Ծիծեռնակաբերդ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, Վրաստանի հայկական համայնքի նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 14-24, 100 հայ երիտասարդներէ բաղկացած խումբ մը` Վրաստանի սահմանէն մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ պիտի հասնին ոտքով, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած այս ուխտագնացութեան մասնակից երիտասարդները պիտի կրեն Մեծ եղեռնի 100-տարելիցը խորհրդանշող յատուկ զգեստներ։