Հալէպահայ Լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեանի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը Նիւ Եորքի Մէջ
Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնի սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հալէպահայ լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեանի 26 լուսանկարներու ցուցահանդէսին: «Հայրենիքս» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մշտական առաքելութեան կողմէ, բաց է մինչեւ 16 յունուար 2015-ը: Այս մասին կը հաղորդէ Perio News-ը:
Յակոբ Վանէսեանի լուսանկարներու այս ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ Հալէպ քաղաքի պատերազմական իրավիճակի ներկայացումը եւ զանազան պատկերներու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ տեսարաններ փողոցներու, որոնք այսօրուան դրութեամբ քանդուած են արդէն Սուրիոյ ցաւալի իրադարձութիւններուն պատճառով:
Ցուցահանդէսի իւրաքանչիւր լուսանկար կը ներկայացնէ մղձաւանջ մը, որ կը դրսեւորէ լուսանկարիչ Յակոբ Վանէսեանի ցաւի արտացոլումը, իւրաքանչիւր լուսանկար վշտի, տարապանքի եւ յուզմունքի վկայութիւն է Հալէպի նկատմամբ:
Ցուցահանդէսին ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի կողքին ներկայ էին ՄԱԿի պետութիւններու շատ մը դեսպաններ ու հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, գիտնականներ, դասախօսներ, Սուրիացի քաղաքացիներ ինչպէս նաեւ շատ մը արուեստագէտներ եւ մշակութային գործիչներ:
Նշենք, որ իր նմանը չունեցող Սուրիոյ պատերազմական այս ժամանակաշրջանին մէջ ամէնէն շատ Հալէպ քաղաքն է, որ տուժեց:
Հալէպ քաղաքը կ՛անցնի աննկարագրելի, անտանելի պատերազմական, քաղաքական եւ կենցաղային վիճակներէ, բառին բուն իմաստով` մղձաւանջ մը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած լուսանկարները, իւրայատուկ ոսպնեակի կիրառման եւ արտայայտչականութեան, ներկաներուն փոխանցած են Հալէպի սահմռկեցուցիչ տեսարանները, զոր մեծ յուզմունք պատճառած է անոնց: