Սփիւռքահայ Նկարչուհիին Նկարը Նուիրաբերուած Է ՀՀ Պետական Ազգային Պատկերասրահին

2014թ. Հոկտեմբերին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն  այցելած էին Ռուսաստանի Դաշնութեան ժողովրդական նկարիչ Ճաննա Թութունճեանի զաւակներ Արսէն Պասկակովը եւ Եուլիա Պորիսովան, որոնք, կատարելով իրենց մօր կամքը, կը խնդրէին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան միջնորդութիւնը` նկարչուհիին «Նուռ Հայաստանէն» ստեղծագործութիւնը ՀՀ Պետական ազգային պատկերասրահին նուիրաբերելու համար:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը ողջունած է նկարչուհիի զաւակներու բարեսիրական նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց` իբրեւ բարեպաշտ զաւակներ` իրենց մօր կտակը կատարելու եւ սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման ուղղուած ջանքերուն համար:

Ռուսաստանի Դաշնութեան ժողովրդական նկարիչ Ճաննա Թութունճեանի «Նուռ Հայաստանէն»  նկարը համապատասխան նամակով յանձնուած է ՀՀ Պետական ազգային պատկերասրահին, ուր սիրով ընդունած են նուէրը եւ ներկայացուցած ցուցադրութեան:

Scroll Up