Բակօ Սահակեան Այցելած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 24-ին Լոս Անճելըսի մէջ այցելած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ հանդիպած թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, թեմական խորհուրդի եւ հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ:
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի գործունէութիւնը Արցախին սատարելու, Սփիւռքի մէջ հայ ինքնութեան պահպանման եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին հայոց անկախ պետականութեան առանցքային հիմնասիւներէն է եւ անգնահատելի աւանդ ունի անոր զարգացման ու զօրացման գործին մէջ:
Նախագահ Սահակեան անդրադարձած է նաեւ Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, սոցիալ-տնտեսական զարգացման, պատասխանած ներկաները յուզող հարցերուն:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան, պաշտօնատար այլ անձիք: