Ռոպերթ Կետիկեան Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Նոր Շարժանկար Պիտի Ներկայացնէ

Հայկական ծագումով ֆրանսացի յայտնի բեմադրիչ Ռոպէրթ Կետիկեանի նոր շարժանկարը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան:

VegaMediaPress-ի` համաձայն   «Խենթ պատմութիւն մը» («Histoire de fou») աշխատանքային անուանումով ժապաւէնը պիտի նկարահանուի ողբերգարական իրադարձութիւններու 100-րդ տարելիցին ընդառաջ: Այդ գործին մէջ բեմադրիչը պիտի անդրադառնայ «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի» (ASALA) գործունէութեան: Անոր խօսքով` շարժանկարի ստեղծման հարցով իրեն ոգեշնչած են սպանացի յայտնի գրող եւ լրագրող Խոսէ Անտօնիօ Կուրիարանի կեանքն ու գործունէութիւնը, կը գրէ News.am-ը:

Կուրիարան 1980 թուականին ծանր վիրաւորուած է ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկներու կողմէ Մատրիտի մէջ տեղադրուած ռումբի պայթումի հետեւանքով: Անոնց դատապարտելու փոխարէն, սակայն, ան փորձած է հասկնալ, թէ որն է շարժառիթը:

Դեռեւս հիւանդանոցի մէջ գտնուելուն ընթացքին Կուրիարան սկսած է պայթումներու գործերու մասին յօդուածներ եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մասին գիրքեր կարդալ: 1982 թուականին ան փնտրած է ԱՍԱԼԱ-ի առաջնորդներ Մոնթէ Մելքոնեանն ու Ալէք Ենիգոմշեանը, եւ անոնց հետ հանդիպած Լիբանանի մէջ:

Այդ իրադարձութենէն կարճ ժամանակ անց լրագրողը հրատարակած է «La Bomba» գիրքը, ուր սեփական կեանքի պատմութիւնը համատեղած է հայ ժողովուրդի ողբերգական պատմութեան հետ:

 

Scroll Up