Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց Միութեան Պատուիրակութիւնը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Օգոստոս 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Թեհրանի Փերիոյ կրթասիրաց միութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին էին հիմնադիր անդամ Գարեգին Արմէնեանցը, վարչութեան նախագահ Գասպար Ամիրխանեանը, «Իրանի Փերիոյ գաւառի հայութեան օրեր Հայաստանում» ծրագիրի յանձնախումբի նախագահ Ժորժ Աղազարեանը, հայաստանեան ներկայացուցիչ դոկտ. Լուսինէ Մարկոսեանը:

Ողջունելով Թեհրանի Փերիոյ կրթասիրաց միութեան ներկայացուցիչները` նախարարը մասնաւորապէս նշեց,-«Ուրախ եմ, որ նախաձեռնել էք այս հիանալի ծրագիրը, եւ յուսով եմ, որ այն իր շարունակութիւնը կ’ունենայ»:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ծրագիրի իրականացման հետ կապուած կազմակերպական հարցեր, նախանշուեցան յետագայ ընելիքները:

Որոշուեցաւ յաջորդ տարի գիտաժողով գումարել եւ նկարահանել շարժանկար Թեհրանի Փերիոյ գաւառի  պատմութեան մասին:

Scroll Up