Կեդրոն Վարչական Շրջանի Ղեկավար Արա Սադոյեան Հիւնընկալեց «Արի Տուն-2014» Ծրագիրի Մասնակիցները
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրին արդէն քանի տարի է կը մասնակցի Կեդրոն վարչական շրջանը եւ կը հիւրընկալէ տարբեր երկիրներէ ժամանած մեր հայրենակիցները: Օգոստոս 5-ին վարչական շրջանի ղեկավար Արա Սադոյեան ընդունեց ծրագիրի 6-րդ փուլի ծիրէն ներս կեդրոնաբնակ ընտանիքներուն մօտ հիւրընկալուած երեխաները:
Հանդիպման ընթացքին սփիւռքահայ երեխաները կիսուեցան իրենց երկօրեայ տպաւորութիւններով` աւելցնելով, որ դեռ այցը նոր կը սկսի եւ վստահ են, որ տակաւին իրենց կը սպասեն հաճելի օրեր: Վարչական շրջանի ղեկավարը երեխաներուն մաղթեց հաճելի հանգիստ եւ խոստացաւ յառաջիկայ հանգստեան օրերուն կազմակերպել շրջայց Կեդրոնի պատմամշակութային օճախներով եւ հանգիստի գօտիներով: Այս մասին կը տեղեկանանք Կեդրոն վարչական շրջանի ֆէյսպուքեան էջէն: