«Իմ Հայաստան» Համահայկական II Փառատօնի Մասնակիցները Ելոյթ Ունեցան Արագածոտնի Մարզի Օշական Գիւղին Մէջ
Յուլիս 5-ին «Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնի մասնակիցները եղան Արագածոտնի մարզ, այցելեցին «Մեսրոպ Մաշտոց» եկեղեցի:
«Պարարուեստի օրերու» ծիրէն ներս Օշականի մէջ տեղի ունեցաւ «Գիւղի տատիկ» խորագիրով ձեռնարկ, որուն ներկայ էին ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, պաշտօնատար անձիք, հիւրեր:
Ողջունելով ձեռնարկի մասնակիցները` Յ. Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, մասնաւորապէս Սփիւռքի նախարարութեան նման ազգանպաստ եւ հայապահպան ձեռնարկներ կազմակերպելու համար: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Կարծում եմ «Իմ Հայաստան» փառատօնը, որ արդէն աւանդական է դարձել, հետաքրքիր նախաձեռնութիւն է, որ աշխարհի բոլոր անկիւններից ձեզ կանչում բերում է Հայրենիք: Հպարտ ենք եւ ուրախ, որ բոլորդ այսօր այստեղ էք հաւաքուել մասնակցելու «Գիւղի տատիկ» միջոցառմանը: Տատիկը բոլորիս համար բարութեան, մաքրութեան խորհրդանիշ է:
Ուրախ եմ, որ տատիկների միջոցով ազգային ճաշատեսակների պատրաստման եղանակները փոխանցելը դառնում է աւանդական: Այս եւ նման միջոցառումները անպայման նպաստում են Հայրենիք-Սփիւռք, Սփիւռք-Սփիւռք կապերի ամրապնդմանը եւ այդ միջոցով ազգային միասնականութեան ամրապնդմանը»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ողջունեց Սփիւռքէն ժամանած բոլոր խումբերը, կարեւոր նկատեց մշակոյթի դերը ազգի ինքնութեան պահպանման համար. «Մշակոյթը ազգի դէմքն է, պէտք է պահել, պահպանել այն, փոխանցել սերնդէ սերունդ»: Ան մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց մշակոյթի նախարար տիկին Պօղոսեանին, որ իր բազմազբաղ վիճակին ժամանակ գտած էր մասնակցելու ձեռնարկին եւ ողջունելու անոր մասնակիցներուն:
Ելոյթ ունեցան Օշականի Մշակոյթի տան տարբեր խումբեր:
Ձեռնարկին կը մասնակցէր Սփիւռքէն ժամանած 32 պարախումբ: Աւստարալիայէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Քոււէյթէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Ռուսաստանէն ժամանած շուրջ 650 պարողները ներկայացուցին միասնական պար:
Ձեռնարկի աւարտին «Գիւղի տատիկ» կազմակերպութեան նախագահ տիկին Վերան մասնակիցներուն ցոյց տուաւ աւանդական շփոթի պատրաստման եղանակը եւ հիւրասիրեց անոնց: