Տեղի Ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Էլեկտրոնային Գրադարանի Նոր Կայքի Շնորհանդէսը

Տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան էլեկտրոնային գրադարանի նոր կայքի շնորհանդէսը:

Կայքի սպասարկող-գործարկու Միքայէլ Եալանուզեան ներկայացուց գրադարանի նոր կայքը, համեմատեց նախորդ կայքին հետ, թուարկեց առաւելութիւնները:  Ան նշեց, որ փոփոխութիւններէն ետք այն ունի առանձին համացանցային տիրոյթ (http://libmindiaspora.am/), դարձած է առաւել արագ եւ հասանելի, բարձրացած է նիւթերու տեղադրման արդիւնաւէտութիւնն ու արագութիւնը: Նոր կայք տեղափոխուած են նախորդի նիւթերը, լրամշակուած է կառուցուածքն ու բովանդակութիւնը, փոխուած են խորագիրները: Իւրաքանչիւր ամիս պիտի լուսապատճէնուի, թուայնացուի եւ տեղադրուի 3500-4000 էջ նիւթ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց իր դիտարկումները, կարեւոր համարեց առաւել մեծ ծաւալով արեւմտահայ  եւ սփիւռքահայ գրողներու ստեղծագործութիւններու ընգրկուածութիւնը կայքին մէջ: Տիկին Յակոբեան յանձնարարեց կայքը համալրել մանկական գրականութեամբ,  դասագիրքերով, արդիական ուսումնամեթոտական նիւթերով, խաղերով եւ տեսանիւթերով, սերտօրէն համագործակցիլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող գրադարաններու եւ հրատարակչութիւններու հետ, տեղադրել անոնց կայքերու յղումները:

Քննարկուեցաւ  համապատասխան վարչութիւններու եւ կայքի պատասխանատուներու ուժերով համազգային հիմնախնդիրներուն առնչուող գիտական յօդուածներու բաժին ստեղծելու հարցը: Յանձնարարուեցաւ պարբերաբար մշտադիտարկել նախարարութեան բոլոր կայքերը, իւրաքանչիւր շաբաթ հրաւիրել աշխատանքային խումբի նիստ եւ անընդհատ կատարելագործել նախարարութեան տեղեկատուական  հնարաւորութիւնները:

Ներկայացուեցաւ նաեւ «Հայկական սփիւռքի պատմութեան վիրտուալ թանգարան» http://armdiasporamuseum.com կայքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները:

Scroll Up