Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Քաոսային Վիճակ` Հալէպի Մէջ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` երկուշաբթի, 2 յունիս 2014-ին, Սուրիոյ նախագահական ընտրութենէն մէկ օր առաջ Հալէպ քաղաքը ամբողջութեամբ թատերաբեմ դարձաւ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ արձակուած տասնեակ մը զանազան տեսակի հրթիռներուն եւ անոնց պայթումներուն: Այս վիճակին մէջ բնականաբար հայահոծ շրջաններն ալ, յատկապէս նոր գիւղը թիրախ է հրթիռներու պայթումին, եւ ահազանգային վիճակ կը տիրէ:

«Բերիոյ նիուզ» նաեւ կը նշէ, որ երեք օրէ ի վեր Հալէպի մէջ կը շարունակուին զինեալ խմբաւորումներու հրթիռարձակումները խաղաղ բնակչութեան վրայ. յատկապէս կիրակի, 1 յունիս 2014-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն թափ առաւ հրթիռարձակումները, տասնեակ մը ռումբեր, տեղական պատրաստութեամբ հրթիռներ արձակուեցան եւ պայթեցան Հալէպի հոծ բնակչութիւն ունեցող զանազան շրջաններուն մէջ: Հայահոծ շրջաններէն Նոր Գիւղը կազի պայթուցիկ տակառներու եւ այլ տեսակի հրթիռներու թատերաբեմ դարձաւ, երբ անդադար տեղացին քանի մը տասնեակ հրթիռներ: Քանդումներ, հրդեհ եւ աւեր արձանագրուեցան:

Հալէպի տարածքին միայն մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուեցաւ 23 զոհ եւ 76 վիրաւոր: Մարդկային կորուստներէ բացի արձանագրուեցան նաեւ նիւթական լուրջ վնասներ, խանութներ եւ բնակարաններ փուլ եկան:

www.aztagdaily.com

Scroll Up