Կ.Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Է Երթ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/04/4660641398325053.jpg)
Թուրքիոյ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամները Կ.Պոլսոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած կազմակերպած են երթ:
Ըստ Mynet-ի` երթի մասնակիցները հաւաքուած են Շիշլիի Փանգալթըի մեթրոյի կայարանի մօտ, մոմ վառած են ու մեխակներ դրած, ապա սկսած է երթը:
Հայկական «Սարերի հովին մեռնեմ» երգի հնչիւններու ներքոյ ընթացող երթի մասնակիցները պարզած են «մի’ մոռացիր Հայոց ցեղասպանութիւնը» գրութեամբ պաստառներ: Անոնք անցած են նաեւ Հրանդ Տինքի անունը կրող թաղամասով: Երթը աւարտած է Քուրթուլուշ թաղամասէն, ուր մասնակիցները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` քննադատելով թրքական իշխանութիւններու ժխտողական քաղաքականութիւնը:
yerkir.am