Դեսպան Մարգարեան Հանդիպումներ Ունեցաւ ԱՄՆ Խորհրդարանականներու Հետ

Փետրուար 28-ին ԱՄՆ-ի մօտ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյսի հետ:

Դեսպան Մարգարեան եւ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու  յանձնաժողովի նախագահը միտքեր փոխանակեցին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու, տարածաշրջանային զարգացումներու, ներկայացուցիչներու պալատին մէջ համագործակցութեան եւ այլ հարցերու շուրջ:
Դեսպան Մարգարեան բարձր գնահատեց քոնկրէսականի հետեւողական կեցուածքը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին յուզող հարցերուն:

Քոնկրէսական Ռոյսը հաւաստիացուց,  որ այսուհետ եւս պիտի շարունակէ իր
սկզբունքային դիրքորոշումը:

Նոյն օրը դեսպան Մարգարեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ ԱՄՆ Սենատի անդամ Մարք Քիրքի հետ:

Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու եւ Խորհրդարանէն ներս  համագործակցութեան յետագայ հնարաւորութիւններուն հետ կապուած հարցերու մասին:

Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն  ՀՀ Ագն  մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up