Ծերակուտական Քըրք Հակահայ Քայլերը Կասեցնելու Կոչ Կ՛ընէ Պաքուին

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Իլինոյէն հանրապետական ծերակուտական Մարք Քըրք եւս Սումգայիթի ջարդերու 26րդ տարելիցին կապակցութեամբ քննադատած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ շարունակուող ատրպէյճանական սպառնալիքները:

Քըրք իր յայտարարութեան մէջ նախ վերյիշած է Սումգայիթի մէջ հայերուն դէմ իրականացուած ջարդերը՝ նշելով, թէ սարսափելի այս արարքներուն հեղինակները մինչեւ այսօր անպատիժ կը մնան: Ապա, ան կոչ ըրած է Պաքուի իշխանութիւններուն, որ անմիջապէս կասեցնեն հակահայ քայլերը, որոնք կրնան ապակայունացնել տարածաշրջանը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան դրուատած է Քըրքի այս յայտարարութիւնը:

http://asbarez.com/

Scroll Up