Գաւառի Քիւֆթան Մեր Ամանորեայ Սեղանի Աւանդական Ուտեստն է. Հրանոյշ Յակոբեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/78.jpg)
Սփիւռքի նախարարը NEWS.am-ի լրագրողին ընդունած է իր աշխատասենեակին մէջ, ուր օրուան աւարտին քանի մը հրատապ հարցեր քննարկելէ ետք միասին ուղեւորուած են դէպի իրենց բնակարանը` պատրաստելու Գաւառի աւանդական քիւֆթան:
Նախարարը պատմած է, որ իրենց ընտանիքէն ներս ամանորը կը դիմաւորեն աւանդական տարբերակով` բոլորով միասին, տան մէջ, ընտանիքի աւագի` մօր հետ: Հրանոյշ Յակոբեան նշած է նաեւ, որ ամէն տարի իրենց տօնական սեղանէն անպակաս են Գաւառի քիւթան, ձուկն ու փախլաւան, իսկ տօնական օրերը, ցաւօք, նախարարի համար երկար չեն տեւեր:
Նուարդ Մանուէլեան
http://news.am