Ամբողջ Կեանք Մը Սփիւռքի ՄԷջ Ապրելէ Ետք Արտհալճեանները Հայաստան Տեղափոխուած Են

Մալվինա Արտհալճեան ծնած է Եգիպտոսի Ալեքսանտրիա քաղաքին մէջ: Հայրը Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա գաւառի Իզմիր գիւղէն  եղած է, իսկ մայրը` Կալիփոլիէն: Անոնք Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ ըլլալով` գաղթի ճանապարհներով փոքր տարիքին հասած են Եգիպտոս, ուր յետագային ծանօթացած  եւ ամուսնացած են` ունենալով մէկ տղայ եւ երկու աղջիկ:

 Մալվինա Արտհալճեան լուսաւոր յիշողութիւններ ունի Ալեքսանտրիոյ հայկական համայնքէն, տպաւորուած է տեղի  հայերու ազգասէր, միասնական եւ կուռ ըլլալուն: Այնտեղ ապրելու տարիներուն ալ անոր հոգիին մէջ ամրապնդուած է ազգային դիմագիծի եւ ինքնութեան պահպանումը: Կը յիշէ նաեւ ծնողները, յատկապէս` աշխատասէր հօրը, որ մշտապէս մտահոգուած է Հայաստանի ապագայով եւ ցանկացած է Հայրենիք վերադառնալ: Նոյնիսկ 1946-1948-ին. «Մեծ հայրենադարձութեան» տարիներուն վերադառնալու համար դիմում ներկայացուցած է , որ, ցաւօք, մերժուած է:

Մալվինա Արտհալճեան ամուսնուն` Փոլի հետ Պէյրութ  գացած է, միասին անցած են լիբանանեան պատերազմի թոհուբոհով, սակայն չեն ընկրկած դժուարութիւններուն առջեւ, հաշտ ու համերաշխ մեծցուցած են իրենց հինգ զաւակները, հայկական վարժարան ուղարկած` անոնց դաստիարակելով իբրեւ  արժանապատիւ հայորդիներ: Այնուհետեւ անոնք տեղափոխուած են` ԱՄՆ:

«Ես 80 տարեկան եմ, իսկ ամուսինս` 90: Քսան տարի Ամերիկայի Միացեալ Նահագներ ապրելէ յետոյ վերջնական որոշում կայացուցինք եւ տաս օր առաջ հայրենադարձուեցանք: Հօրս բաղձալի երազանքը ես կատարեցի, որուն համար հոգեպէս  հանգիստ կը զգամ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մալվինա Արտհալճեան` աւելցնելով, որ մինչ այդ Հայրենիքի հետ կապը, բնաւ, չեն խզած. գրեթէ ամէն տարի զբօսաշրջութեան նպատակով այցելած են եւ տարբեր պատմամշակութային վայրեր եղած, վայելած են գեղեցիկ բնութիւնը, մաքուր օդը, ինչպէս նաեւ համտեսած են հայկական աւանդական  ճաշատեսակները:

Մալվինա Արտհալճեան նշեց, որ ամէն անգամ հայրենադարձուելու միտքը յիշելուն` ակամայէն հպարտութեամբ կը լեցուի: Այժմ Արտհալճեանները  Հայաստանի մէջ շատ լաւ կը զգան, շրջապատուած են հարազատներու եւ երկու երեխաներու ջերմութեամբ, որոնք տարիներ առաջ  վերադարձած են Հայաստան (միւս երեխաները կը բնակին արտերկրի մէջ): Անոնց յուզմունքն աննկարագրելի  եղած է այն պատճառով, որ հայրենի հողին վրայ հնարաւորութիւն  ունեցած են ընտանիքին հետ առաջին անգամ նշելու Ծաղկազարդն ու Սուրբ Զատիկը` վայելելով տօնական մթնոլորտը:

«Կը հաւատամ, որ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, պիտի ունենանք զարգացող երկիր, իսկ մարդիկ պիտի ապրին առաւել բարեկեցիկ եւ ապահով կեանքով, նամանաւանդ որ ղեկավար պաշտօններու վրայ ներգրաւուած են երիտասարդները, որոնց պէտք է խրախուսել եւ աջակցիլ»,- ամփոփիչ խօսքին մէջ ըսաւ Մալվինա Արտհալճեան եւ ընդգծեց, որ հայերը խելացի ու ստեղծարար  ազգ են, եւ իրենց ներուժը ճիշդ օգտագործելու պարագային` կրնան մեծ բարձունքներ նուաճել:

Գէորգ  Չիչեան

Scroll Up