«ԱՌՆՈՒԱԶՆ ԵՐԵՔ ՈՐԴԻՈՎ ՍԵՂԱՆ ՆՍՏԻՆՔ»
«ՀԱՅԵՐԸ` ԱՌԱՆՑ ԾԽԱԽՈՏԻ»
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է, ԵԿԷ՛Ք ՀԶՕՐԱՑՆԵՆՔ ԶԱՅՆ»
«ՀԱՅ Է ԱՆ, ՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ՀԱՅ ԿԸ ԶԳԱՅ»
«ՀԱՅԸ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԷՆ ԲԱՑԻ ՊԷՏՔ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ ՇԱՀ ՍՏԱՆԱՅ»
«ԴԱՐՁԻ՛Ր ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ, ՏԷՐՆ ՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆԸ ԱՄԵՆՈՒՐԵՔ»
«ՔՈՒ ՏԱՂԱՆԴԷԴ, ՇՆՈՐՀՆԵՐԷԴ ԱՓ ՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈ՛ՒՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻԴ»
«ՏԱՆ ՄԷՋ ԽՕՍԻ՛ՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ»
«ԱՌՆՎԱԶՆ 3 ՏԱՐԻՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ՀԱՆԳՍՏԱՑԻ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ»
«ԳԾԷ՛ ՏՈՀՄԱԾԱՌԴ»
«ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՒՆ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ»
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ԵՒ «ԵԱՆ»-Ը ՔՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԴ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ»
«ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒ ՈՒՆԵՑԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ
«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՐ ՀԱՅ ՊԷՏՔ Է ՏԵՍՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»
«ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԼԻՆԵՆՔ ՈՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱՆՔ» Պ. ՍԵՒԱԿ
«ՈՎ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է» Ե. ՉԱՐԵՆՑ

«Բանակային Կեանքը Լի Է Հետաքրքիր Դէպքերով». Վազգէն Յարութիւն

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը սուրիահայ Վազգէնն է, որ արդէն մէկ տարի է կը ծառայէ Հայոց բանակին մէջ: Վազգէնի հետ զրոյցի ընթացքին խօսեցանք անոր արմատներու, Հայաստան տեղափոխուելու եւ բանակային կեանքի մասին:

-Ողջո՛յն Վազգէն, կը խնդրեմ` պատմէք ձեր արմատներու մասին:

–Ողջո՛յն, իմ թէ՛ հօրական, թէ՛ մօրական արմատներս կը սերին Սասունէն, Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ իմ պապիկներու ընտանիքները գաղթած են Սուրիա եւ բնակած Հալէպի մէջ, հայրս եւ մայրս ամուսնացած են այնտեղ, այնուհետեւ տեղափոխուած են Հայաստան եւ այստեղ` Հայրենիքի մէջ, ծնած եմ ես:

–Ծնողներդ եր՞բ  տեղափոխուած են Հայաստան:

-Ընտանիքս մօտաւորապէս 27 տարի Հայրենիքի մէջ կ՛ապրի, ես ծնած, մեծցած եւ դաստիարակութիւն  ստացած եմ Հայրենիքի եւ հայկական օճախի մէջ:

–Որքա՞ն ժամանակ է, որ կը ծառայես Հայոց բանակին մէջ:

– Արդէն 1 տարի է, որ կը ծառայեմ: Տունէն եւ օճախէն հեռու շատ դժուարութիւններու կը հանդիպիմ, սակայն կողքիդ ունենալով ամուր ընտանիք եւ հզօր ընկերութիւն` դժուարութիւններն աչքիդ չեն ալ երեւիր: Բանակին մէջ ես կը հասկնամ` ինչ ըսել է Հայրենիք, ընկերութիւն, հաւատարմութիւն, տոկունութիւն եւ խիզախութիւն: Ամէն պահի պատրաստ ես աւիւնով լեցուն պայքարիլ թշնամիին դէմ, կը հասկնաս Հայ զինուորի, անոր կեանքի եւ Հայրենիքի յարաբերակցութիւնն ու փոխկապակցուածութիւնը:

–Արդեօք տարբերութիւնը շա՞տ է բանակ զօրակոչուելէ յետոյ:

-Այս 1 տարուան ընթացքին շատ դժուարութիւններու հանդիպած եմ, սակայն ի շնորհիւ հօրս` յաղթահարած եմ: Շատ փոփոխութիւններ  եղած են թէ՛ իմ մտածելակերպի, թէ՛ իմ հոգեկան աշխարհի վրայ, հին Վազգէնի եւ նոր Վազգէնի միջեւ շատ մեծ տարբերութիւններ կան, հիմա մտածելակերպս աւելի հասուն է: Բանակը քեզի հնարաւորութիւն կու տայ կոփուելու կեանքի յետագայ փորձութիւններու համար, աւելի վճռական կը դարձնէ կեանքի կարեւոր որոշումներ կայացնելուն:

-Ինչպէ՞ս կ՛անցնի հայ զինուորի առօրեան: Կը պատմէ՞ք բանակային օրերու հետաքրքիր  դրուագներէն:

-Բանակային կեանքը լի է հետաքրքիր դէպքերով, յատկապէս երբ կը ծառայես սահմանային գօտիի մէջ` թշնամիին դէմ առ դէմ: Ճիշդ է` կը կարօտնաս ընտանիքդ, ընկերներդ, բայց բանակային կեանքին մէջ ձեռք կը բերես կեանքի մեծ փորձ, զինուոր ընկերներդ կը դառնան ընտանիքիդ մէկ մասը` լրացնելով այն կարօտը, որ կը զգաս զօրամասէն դուրս:

Սեւադա Սաֆարեան

 

Scroll Up