Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեան Հանդիպած Է Ալեքսանտրիոյ Հայ Համայնքին Հետ

Սեպտեմբեր 27-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Եգիպտոս կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս մէկօրեայ այցով եղած է Ալեքսանտրիոյ մէջ եւ հանդիպում ունեցած տեղի հայ համայնքին հետ:
Սփիւռքի նախարարութեան պատուիրակութեան հետ միասին Ալեքսանտրիա ժամանած են նաեւ Եգիպտոսի ներգաղթի եւ եգիպտացի արտագաղթածներու հարցերով նախարար Նապիլա Մաքրամ, Եգիպտոսի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեան եւ Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան: