Երուսաղէմահայ Էլէնի Երազանքը Հայաստանի ՄԷջ Ելոյթ Ունենալն Է
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներէն Էլէն Մարգարեանը կ՛ուսանի Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, ազատ ժամանակ կը սիրէ թենիս խաղալ, նաեւ Երուսաղէմի Հայ երիտասարդաց միութեան պարախումբին մէջ կը պարէ: Հայկական աւանդական քոչարին Էլէնի սիրած պարերէն է, որ ամէն անգամ պարելուն` հայ ժողովուրդի անկոտրում ոգիի ամրութիւնը կը զգայ:
Մեր զրուցակիցն ըսաւ, որ իր երազանքը Հայաստանի մէջ ելոյթ ունենալն է, որ կը համարէ իր կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը:
«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին ընկերուհիին հետ կը մասնակցի, որուն մայրը յորդորած է գալ: Ստանալով ծնողներու համաձայնութիւնը` սիրայօժար եկած է:
«Վայելած եմ ծրագիրէն ներս անցուցած ամէն մէկ օրը, եւ հիմա պէտք է ըսեմ, որ աւելի լաւ ուսումնասիրած եմ պատմական վայրերն ու աւելի շատ գիտելիքներ ձեռք բերած: Անհամբեր կը սպասեմ ճամբարային օրերուն»,–«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Էլէնը` աւելցնելով, որ ապագային չի բացառեր նկարչուհի դառնալը, քանի որ իրեն շատ կը հետաքրքրէ նկարչութեան աշխարհը: Յստակ որոշում կայացնելու համար դեռ ժամանակ ունի մտածելու: