Երուսաղէմահայ Էլէնի Երազանքը Հայաստանի ՄԷջ Ելոյթ Ունենալն Է

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի մասնակիցներէն Էլէն Մարգարեանը կ՛ուսանի Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, ազատ ժամանակ կը սիրէ թենիս խաղալ, նաեւ Երուսաղէմի Հայ երիտասարդաց միութեան պարախումբին մէջ  կը պարէ: Հայկական աւանդական քոչարին Էլէնի սիրած պարերէն է, որ ամէն անգամ պարելուն` հայ ժողովուրդի անկոտրում ոգիի ամրութիւնը կը զգայ:

Մեր զրուցակիցն ըսաւ, որ իր երազանքը Հայաստանի մէջ  ելոյթ ունենալն է, որ  կը համարէ իր կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը:

«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին ընկերուհիին հետ կը մասնակցի, որուն մայրը  յորդորած է գալ: Ստանալով ծնողներու համաձայնութիւնը` սիրայօժար եկած է:

«Վայելած եմ ծրագիրէն ներս անցուցած ամէն մէկ օրը, եւ հիմա պէտք է ըսեմ, որ աւելի լաւ  ուսումնասիրած եմ պատմական վայրերն ու աւելի շատ  գիտելիքներ ձեռք բերած: Անհամբեր կը սպասեմ ճամբարային օրերուն»,–«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Էլէնը` աւելցնելով, որ ապագային չի բացառեր նկարչուհի դառնալը, քանի որ իրեն շատ կը հետաքրքրէ նկարչութեան աշխարհը: Յստակ որոշում կայացնելու համար դեռ ժամանակ ունի մտածելու:

Scroll Up