«Եթէ Օր Մը Որոշենք Հալէպէն Հեռանալ, Ապա Միայն Հայաստան Կու Գանք». «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Հալէպահայ Մասնակիցներ
Սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին կը մասնակցին պատանիներ ու երիտասարդներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրն իր ներաշխարհն ունի, իր պատմութիւնը: Անոնք որքան նման են իրար, միաժամանակ շատ տարբեր են` կրելով այն երկիրներու մշակութային ազդեցութիւնը, ուր կ՛ապրին` գունազարդելով աշխարհը, իրենց շրջապատը սեփական պատուհանէն երեւցող գոյներով: 16-ամեայ երկուորեակներ Անի եւ Գաբրիէլ Պողիկեանները Հայաստան եկած են Սուրիայէն, երկիր, ուր մինչեւ վերջերս կը զգացուէր պատերազմի շունչը:
Սուրիահայ պատանիները Հայաստանի մէջ աւելի հանգիստ, ապահով ու ազատ կը զգան: Այստեղ չեն լսուիր պատերազմի ձայներ, երկինքը խաղաղ է, շրջապատին մէջ բոլորը հայեր են, ամէնուր հայերէն կը լսուի, որուն համար քեզի ոչ մէկը օտար աչքով չի նայիր: «Այստեղ կարծես բոլորը մէկ ընտանիք ըլլան: Ծրագիրին ընթացքին ծանօթացած եմ աշխարհի տարբեր երկիրներ ապրող իմ հասակակիցներուս հետ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն ունի սեփական մտածելակերպը: Հայաստան այցելած եմ ընտանիքիս հետ մօտ 4 տարի առաջ: Այսօր շատ բան փոխուած է, Երեւանն աւելի գեղեցկացած է: Հայաստանի մէջ է, որ կը զգաս հայրենիքի կարեւորութիւնը, ինքզինքդ հանգիստ կը զգաս: Ծննդավայրն ալ կարեւոր է քու կեանքիդ մէջ, այնտեղ դուն անմոռանալի յիշատակներ ունիս, բայց հայրենիքն ուրիշ է, այստեղ այլ զգացողութիւններ կ՛ունենաս»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կ՛ըսէ Անին:
Խօսելով «Քայլ դէպի» տուն ծրագիրին մասին` Անին կը պատմէ. «Ծրագիրին ընթացքին ամէն օր նոր բան կ՛իմանանք, ամէն օր նոր աչքով կը բացայայտենք հայրենիքը, հանդիպեցանք նաեւ Սփիւռքի նախարարին հետ: Կրցած եմ ծանօթանալ տարբեր երկիրներու մէջ` Լիբանան, Վրաստան, Ռուսաստան, ապրող մասնակիցներու հետ, որոնց հետ կը ցանկամ կապը միշտ պահել: Այցելած ենք Զուարթնոց, Գառնի, Խոր Վիրապ, քիչ մը նեղուեցայ, որ չկրցայ փոսը իջնել, այնքան մարդ կար, որ շատ երկար պէտք է սպասէինք»: Գաբրիէլը կը շարունակէ` Անիին պէս տխրելով, որ չէ կրցած Խոր Վիրապի մէջ այն փոսը իջնել, ուր Գրիգոր Լուսաւորիչը ապրած է 14 տարի. «Հետաքրքիր վայրեր կ՛այցելենք, ամէն օր շատ լաւ կ՛անցնի: Այստեղ բոլորը իրար հարազատի պէս են, օտար չեն իրար: Դասընթացներու ընթացքին կը ծանօթանանք հայոց պատմութեան: Ձեռք բերած եմ նոր ընկերներ, նաեւ տեսած եմ հալէպահայ իմ հին ընկերներուս, որոնք այսօր Հայաստանի մէջ կ՛ապրին: Արդէն 6 տարի է, որ մօրեղբօրս հետ մեծմայրս Հայաստանի մէջ կ՛ապրի: Անոնց տունը կ՛ապրինք ես եւ քոյրս»:
Թէեւ դեռ քանի մը օր կայ ծրագիրի աւարտին, սակայն պատանիները չեն ուզեր Հալէպ վերադառնալ: «Գիտէք, դժուար է հայրենիքէն հեռանալը, այնքան ալ չեմ ուզեր Հալէպ երթալ, թէեւ այնտեղ ես ունիմ ուրախ եւ տխուր յիշատակներ: Սա է մեր տունը, աշխարհի մէջ կայ ծննդավայր եւ տուն` հայրենիք, ուրիշ երկրի մէջ հայը պէտք չէ ապրի: Այնտեղ անոնք կը մոռնան իրենց լեզուն, իսկ այստեղ բոլորը հայերէն կը խօսին, որ քեզի մեծ ուժ կու տայ: Ու եթէ օր մը որոշենք Հալէպէն հեռանալ, ապա միայն Հայաստան կու գանք »,- կը պատմէ Անին:
Հալէպ կեանքն այսօր կամաց-կամաց իր սովորական հունի մէջ կը մտնէ: Սակայն պատերազմի ձգած յիշողութիւնը դեռ երկար չի մոռցուիր. «Առաջ, օրինակ, երբ փողոց կ՛ելլէինք, կը վախնայինք` արդեօք պիտի կրնա՞նք վերադառնալ տուն, թէ՞ չենք կրնար: Շատ անգամ նկուղներու մէջ մեր օրերը կ՛անցնէինք: Պատերազմի ընթացքին Հալէպ մնացած մարդոց հետ ապրեցանք պատերազմի ողջ սարսափը, բայց այդ ամէնուն շնորհիւ` աւելի մտերմացանք, աւելի կապուեցանք զիրար: Պատերազմի ընթացքին եղբայրս վիրաւորուեցաւ եւ հրաշքով փրկուեցաւ»,-կը յիշէ Անին, իսկ Գաբրիէլը կ՛աւելցնէ, որ այդ օրուան մասին հիմա իրեն միայն մնացած սպին կը յիշեցնէ. «Հեծանիւ կը վարէի, երբ յանկարծ կողքս ռումբ պայթեցաւ: Վայրկեան մը չհասկցայ` ինչ կատարուեցաւ. բան չէի լսեր, աչքերուս առջեւ ամէն ինչ սպիտակած էր: Յետոյ ինծի հիւանդանոց տարին, բարեբախտաբար, վնասուածքն այնքան ալ խորունկ չէր: Դժուար 6 տարիներ ապրեցանք, սակայն յոյսով էինք, որ պատերազմը օր մը կը վերջանայ»:
Խօսելով սուրիահայ համայնքին մասին` Անին կը նշէ. «Հալէպի մէջ համայնքը զօրաւոր է: Մենք արաբներու հետ երբեք որեւէ խնդիր չենք ունեցած: Անոնք միշտ կ՛ըսեն, որ հայերը արժէք, կշիռ կը հաղորդեն քաղաքին: Հիմա վիճակը շատ աւելի հանգիստ է: Կրնաս փողոցը քալել, առանց վախնալու ակումբ երթալ, բայց այստեղի ապահովութիւնը լրիւ տարբեր է»: Իսկ Գաբրիէլը կ՛աւելցնէ. «Հալէպի մէջ ազգային ոգին մեծ է: Կը կարծեմ, ուրիշ որեւէ համայնքի մէջ այդպէս չէ»:
Լ.Ա.