Կայացաւ «Սփիւռքի Հայ Համայնքներու Պարախումբերու» Համերգը

Յուլիս 13-ին սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի հայ համայնքներու պարախումբերու» համերգը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100 ամեակին:

Համերգին մասնակցելու համար սփիւռքէն ժամանած է 12 պարախումբ աշխարհի 9 երկրի 12 քաղաքներէ:

Պարախումբերը  ողջունեց եւ բարի երթ մաղթեց սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան:

Նոր Հայաստանի մէջ կայացած բացառիկ համերգը մեկնարկեց Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերով գրուած «Իմ քայլը» երգով, որ կատարեցին երաժշտութեան հեղինակ Հայկ Ստուերը եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի պարարուեստի բաժանմունքի սաները:

Ելոյթ ունեցան Գրասնոյարսկի «Արմենիա», Հոլանտայի «Անի», Մոսկուայի Վանուշ Խանամիրեանի անուան «Արատտա»,  Պուխարեստի «Վարդավառ», Թեհրանի «Ակունք», Աթէնքի  «Աւետիս», Միւնխենի «Անուշ», Ալմաթիի «Արաքս», Մայկոպի «Նաիրի », Փերմի «Կռունկ», Թալլինի «Երազանք» պարախումբերը եւ Էսթոնիոյ «Տայք»  ազգագրական պարերու խումբը: Բոլոր պարախումբերը պարգեւատրեցան սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով:

Համօ Սահեանի «Ախր ես ինչպէս վեր կենամ գնամ» բանաստեղծութեան ձայնագրութիւնը հնչեց Սօս Սարգսեանի կատարմամբ:  Երգչուհի Լէյլա Սարիբէկեան  կատարեց «Հայաստան» երգը: Համերգն աւարտեցաւ բոլոր պարախումբերու միասնական «Քոչարի»-ով:

 

Scroll Up