Աւարտեցին «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի Խմբերգային Արուեստի Օրերը
Օգոստոս 5-ին Գ.Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական 2-րդ փառատօնի խմբերգային արուեստի օրերու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
5 օր շարունակ աշխարհի 10 երկիրներէ ժամանած 15 երգչախումբեր (350 մասնակից) իրենց կատարումներով, մարզային համերգներով հաճելի լարուածութեան մէջ պահեցին խմբերգային արուեստի սիրահարները: Մասնակիցները հանդիպումներ ունեցան խմբերգային արուեստի մեծերուն հետ, կազմակերպուեցան փորձի փոխանակման երեկոներ, նկարահանումներ, համատեղ կատարումներ:
Խմբերգային արուեստի օրերու հանդիսաւոր փակման ելոյթ ունեցան Վրաստանի «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» եւ «Աղբիւր», Ռուսաստանի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Ովսաննա» եւ «Նորահրաշ», Իրանի «Արարատ» եւ «Զուարթնոց», ԱՄՆ-ի «Կոմիտաս», Եգիպտոսի «Արցախ», ինչպէս նաեւ Հայաստանի «Ովսաննա» եւ «Երաշխաւոր» երգչախումբերը:
Համերգին աւարտին բեմահարթակը տրամադրուեցաւ Թեհրանէն ժամանած «Հայ Կին» միութեան կից «Անահիտ» միութեան «Զուարթնոց» երգչախումբին` կատարելու յատուկ «Իմ Հայաստան» փառատօնի համար երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Էտիկ Թամրազեանի կողմէ գրուած «Հայկ Դիւցազուն» երգը:
Ողջունելով մասնակից պարախումբերը եւ հանդիսատեսը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նշեց. «5 օր շարունակ Սփիւռքից ժամանած երգչախմբերն իրենց ելոյթներով հիացրին հանդիսատեսին` միեւնոյն ժամանակ բերկրանք պատճառելով միմեանց: Երգչախմբային արուեստի հիմնադիրներն, իրաւամբ, այս տարածաշրջանում համարւում են հայ երգահանները: Դեռ 19-րդ դարի վերջին Քրիստափոր Կարա-Մուրզան Անդրկովկասում եւ Հարաւային Ռուսաստանում ստեղծեց շուրջ 100 երգչախումբ: Նրա գործը շարունակեց մեծն Կոմիտասի մեծ ուսուցիչը` Մակար Եկմալեանը, իսկ Կոմիտասի օրօք եւ նրա շնորհիւ երգչախմբային արուեստը հասցուեց կատարելութեան: Մեր հայրենակիցների ստեղծած երգչախմբերը շարունակում են իրենց նախնիների փառաւոր աւանդները: Թերեւս նրանց կատարումներում կարելի է նկատել արհեստավարժութեան պակաս, սակայն դա լրացւում է այն արտասովոր նուիրումով եւ հոգեկան ջերմութեամբ, որով օժտուած են բոլոր երգչախմբերն առանց բացառութեան»:
Այնուհետեւ պարոն Սրապիոնեան մասնակիցներուն փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ջերմ ողջոյնները եւ մեծ ցանկութիւնը, որ այսուհետ եւս երգչախումբերը շարունակեն նոյն նուիրումով իրենց հայապահպան առաքելութիւնը:
Նախարարի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն` տարաբնոյթ դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ հայաստանցի հանդիսատեսին խինդ ու թրթիռ նուիրելու համար:
Ձեռնարկին աւարտին «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան մասնակցութեան հաւաստագիրներ յանձնեց բոլոր մասնակիցներուն:
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է «Օրանժ Արմէնիա» ընկերութիւնը, փառատօնի հովանաւորն է «Տաշիր գրուպ» ընկերութիւնը, փառատօնին տեղեկատուական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն «Հայաստանի հանրային», «Շանթ», «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութիւնները եւ Հայաստանի հանրային ռատիօն:
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս օգոստոս 16-ին տեղի պիտի ունենայ ասմունքի երեկոյ, սեպտեմբեր 20-25 նուիրուած պիտի ըլլան տուտուկին եւ հայկական այլ նուագարաններուն, իսկ սեպտեմբեր 26-ին կ’իրականացուի հայ երգի օր, որու ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ մեծ շքահամերգ եւ 36-հատորեայ «Ազգային երգարան» մատենաշարի առաջին հատորի հրատարակութեան շնորհանդէսը: