Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Արսինէ Խանջեանը
Յուլիս 3-ին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց գանատահայ յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանջեանը:
Նախարարը ջերմագին ողջունեց դերասանուհին ու ներկայացուց նախարարութեան յառաջիկայ ծրագիրները: Դերասանուհին իր հերթին անդրադարձաւ հայկական պատուիրակութեան` Թորոնթօ կատարած այցին եւ նշեց, որ այն օգտակար էր նաեւ այն առումով, որ կոտրեցան որոշ կարծրատիպեր` կապուած հայ քաղաքական գործիչներու երիտասարդ ըլլալուն հետ:
Դերասանուհին նաեւ նշեց, որ հիմա շատ կարեւոր է սփիւռքահայ երիտասարդներու ներգրաւումը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: «Սփիւռքը բաղկացած է նաեւ երիտասարդներէ, ու պէտք է այնպէս ընել, որ վերջիններս զգան իրենց ներգրաւուածութիւնը հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն»,-նշեց Արսինէ Խանջեան:
Նախարարը համաձայնեցաւ դերասանուհիին հետ` ընդգծելով, որ այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ կ՛իրականացուին աշխատանքներ: