ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Հանդիպումը Օտարագիր Հայ Գրողներու 5-րդ Համաժողովի Մասնակիցներուն

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յուլիս 15-ին հանդիպեցաւ Ծաղկաձորի մէջ կայացած Օտարագիր հայ գրողներու 5-րդ համաժողովի մասնակիցներուն:

Համաժողովը կազմակերպուած էր յուլիս 11-15 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ կոչուած է նպաստելու օտարագիր հայ գրողներու ներուժի համախմբման, անոնց ստեղծագործութիւններու ճանաչողութեան ընդլայնման, Հայրենիքի հետ հայ գրողներու կապի ամրապնդման:

Ողջունելով մասնակից գրողներուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յատկապէս կարեւոր համարեց օտարագիր գրողներու դերը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացքին 7 օտարագիր հայ գրողներու ներգործութիւնը օտար գրողներու վրայ: «Եթէ Ձեզանից իւրաքանչիւրն իր բնակութեան երկրում մինչեւ 2015թ. մէկ գիրք կամ ուսումնասիրութիւն գրի Մեծ Եղեռնի մասին, յատկապէս եթէ ստեղծուէն վէպեր, էսսեներ Ցեղասպանութիւն վերապրածների մասին եւ գտնեն իրենց այլազգի ընթերցողին, ապա մենք եւս մէկ քայլ առաջ կը գնանք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործում, – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան: Այնուհետեւ համաժողովի մասնակից գրողները մասնակցեցան «Արի տուն» ծրագիրի 4-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալներով պարգեւատրեց ԱՄՆ-էն ժամանած անուանի գրող  Փիթըր Սուրեանին եւ Քանատայէն ժամանած Քիթ Ղարիպեանին, որ այսօր կը նշէ ծննդեան 70-ամեակը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը «Արի տուն» ծրագիրի մասնակից պատանիներուն եւ աղջիկներուն կոչ ըրաւ օրինակ վերցնելու օտար ափերու վրայ ապաստանած, բայց իրենց հայեցի դիմագիծը չկորսնցուցած աւելի տարիքով գրողներէն, բանաստեղծներէն:

Համաժողովի մասնակիցները նաեւ ծանօթացան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ սուրիահայութեան հետ տարուող աշխատանքներուն:

Անուանի ամերիկահայ գրող Փիթըր Սուրեանը, հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով, մասնաւորապէս նշեց. «շնորհակալ եմ իմ հայ ժողովուրդին, որ միշտ ազնիւ  եղած է ինծի հանդէպ: Ես կը սիրեմ Միացեալ Նահանգները, բայց վերջին սէրս  իմ Հայրենիքս է` Հայաստանը: Եւ այն, ինչ տեսայ այսօր, պարզապէս հիասքանչ  է»:

Հանդիպման աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան համաժողովի մասնակիցներուն նուիրեց նախարարութեան պատուէրով եւ նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Գրական Սփիւռք» եւ «Սփիւռք» տարեգիրքերը, ինչպէս նաեւ քանի մը այլ աշխատութիւններ:

Scroll Up