Տեղի Ունեցաւ Ֆրանսահայ Արուեստագէտ Լորան Մելիքեանի Աշխատանքներու Ցուցադրութիւնը

Յունիս 26-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ արուեստագէտ, նկարիչ Լորան Մելիքեանի աշխատանքներու  ելեկտրոնային ցուցադրութիւնը:

Ձեռնարկին  բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարարի օգնական Վաղարշակ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Յարգելի՛ Լորան Մելիքեան, սիրով կ՛ողջունեմ Ձեզ սփիւռքի նախարարութեան մէջ: Ուրախ ենք, որ հնարաւորութիւն ունինք ներկայացնելու Ձեր աշխատանքները, որոնք, համոզուած եմ, նաեւ Հայաստանի մէջ  կը գտնեն իրենց երկրպագուները: Նշեմ, որ մենք միշտ պատրաստ ենք սատարելու եւ աջակցելու սփիւռքի մէջ ստեղծագործող մեր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց արուեստով միշտ կը յիշեցնեն հայկական ստեղծագործ մտքի եւ շնորհի մասին»:

Լորան Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան ցուցադրութեան կազմակերպման աջակցելու համար:

Scroll Up