«Հարիւր Տարի Անց Էլ Շարունակում Են Լռեցնել Հայերին».Հրանոյշ Յակոբեան

Մայիս 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց աւստրալահայ բազմավաստակ ուսուցիչ, Սիտնիի Արշակ եւ Սոֆի Գօլստըն ամէնօրեայ վարժարանի նախկին տնօրէն, ներկայիս Աւստրալիոյ մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանը` տիկնոջ հետ:
Զրոյցը ընթացաւ Ապրիլի սկիզբը ատրպէյճանական ռազմական յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին եւ սփիւռքահայ համայնքներուն կողմէ իրականացուող աջակցութիւնը առաւել նպատակային դարձնելու խնդրին շուրջ:
Քայլար Միքայէլեան նախարարին տեղեկացուց, որ Աւստրալիոյ հայ համայնքը խորապէս անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ընթացող ատրպէյճանական նախայարձակման, որուն հետեւանքով բազմաթիւ զոհեր եղան ինչպէս ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակին մէջ, այնպէս ալ խաղաղ բնակչութեան շրջանին եւ պատրաստ է աջակցելու զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վիրաւոր զինուորներուն:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ի դէմս Քայլար Միքայէլեանի, երախտագիտութիւն յայտնեց ամբողջ աւստրալահայ համայնքին եւ ընդգծեց, որ «Ատրպէյճանը ո՛չ միայն ագրեսոր է, ո՛չ միայն հայատեացութեան քարոզիչ է, այլ նախ եւ առաջ երկրի առաջին դէմքի մակարդակով պետական, պաշտօնական ձեւով ահաբեկչութիւնը քարոզող, ահաբեկչութիւնը խրախուսող եւ պաշտպանող երկիր է: Այն քայլը, որ երկրի նախագահը պարգեւատրում է զինուոր գլխատած ստահակին, արդէն իսկ ցոյց է տալիս նրա իրական դէմքը: Դրա նախադէպն աշխարհն արդէն իսկ տեսել էր ռամիլ սաֆարովի օրինակով, եւ քանի որ ժամանակին ինչպէս յարկն է չդատապարտուեց հայ քնած սպայի դաժան սպանութիւնը` այսօր այդ բարբարոսութիւնն առաւել լպիրշ դրսեւորումներով է ի յայտ գալիս: Պէտք է արձանագրել, որ մենք գործ ունենք պետական մակարդակով կազմակերպուած ահաբեկչութեան հետ, պետական մակարդակով ահաբեկիչներ պատրաստելու փաստի հետ: Աշխարհին պէտք է անհանգստացնի այն, որ Ատրպէյճանը դառնում է չարիքի կենտրոն, ինչը խստագոյնս պէտք է դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմից:
Հայատեացութեան եւ ռասսիզմի ակնյայտ դրսեւորում է կատարւում նաեւ Թուրքիայում, երբ երկրի բարձրագոյն օրէնսդիր ատեանում` մէջլիսում, բռնութիւններ կիրառելով` փորձում են լռեցնել հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին, ով դատապարտում է ցեղասպանութիւնը, ձայն բարձրացնում յանուն ճշմարտութեան, յանուն արդարութեան, յանուն մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան: Այսօր` ցեղասպանութիւնից հարիւր տարի անց էլ, Թուրքիայում շարունակում են լռեցնել հայերին»:
Իր հերթին Քայլար Միքայէլեան նշեց, որ սփիւռքահայութիւնը չուզէր հանդուրժել հայութեան հանդէպ դարեր շարունակ գործադրուող բռնութիւնները, ցեղասպանութիւնը եւ պատրաստ է հնարաւոր բոլոր միջոցներով սատար կանգնելու Հայրենիքին եւ Լեռնային Ղարաբաղին:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Ղարաբաղին տրուող օգնութեան ձեւերուն եւ հնարաւորութիւններուն առնչուող այլ հարցեր: