Քուէյթահայ Մելիք Գարլոն Հայաստանի Մէջ Վայելեց Իր Յաղթանակը
Մելիք Գարլօ Մելիքսէթեանը կը յաճախէ Քուէյթի ազգային վարժարանի 8-րդ դասարանը:
Երբ ուսուցիչներէն տեղեկացած է, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական մրցանակաբաշխութիւն կը կազմակերպէ, շատ ոգեւորուած է եւ որոշած է անպայման մասնակցիլ:
Ապրիլ 21-ին, ամփոփելով 2017թ.-ի մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները, պարզ դարձաւ, որ Մելիք Գարլոն «Ազատ Արցախ» եւ «Մայիս` յաղթանակներու ամիս» մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններու անուանակարգին մէջ արժանացած է 1-ին կարգի մրցանակի:
«Մէկ նկարի մէջ պատկերած եմ այնպիսի պատկերներ, ուր կ’ամփոփուին Հայաստանը խորհրդանշող պատկերները` Արարատ լեռը, Եռագոյնը, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» յուշարձանը»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մելիք Գարլոն` շեշտելով, որ կտաւը նկարելուն` իր աչքին առջեւ յառնած են Եղեռնի ահասարսուռ տեսարանները: Սակայն խաղաղած եւ հոգին հպարտութեամբ լեցուած է` յիշելով, որ բոլոր արհաւիրքներէն ետք հայ ժողովուրդը վերածնած է եւ ազատ, անկախ Հայաստան կերտած:
Զրոյցի աւարտին Մելիք Գարլոն շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան` կրկին Հայաստան գալու եւ իր յաղթանակը սեփական հողի վրայ վայելելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար: