Սոֆի Մխէյեանի Ու Արսէն Սաֆարեանի Երգերը Հնչած Են Հեռաւոր Պրազիլի եւ Արժանթինի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/սոֆի.jpg)
Հոկտեմբեր 22-30 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կրթամշակութային աջակցութիւն հայ համայնքներուն» 2017թ. ծրագիրի ծիրէն ներս երգիչներ Սոֆի Մխէյեանն ու Արսէն Սաֆարեանը համերգային շրջագայութիւններ ունեցած են Պրազիլի եւ Արժանթինի հայկական համայնքներուն մէջ:
Առաջին մասնակցութիւնն էր Պրազիլի Օզասկօ քաղաքին մէջ կայացած ամէնամեայ Հայկական մշակութային 5-րդ փառատօնին, որուն ներկայ եղած են շուրջ 500 պրազիլահայեր եւ այլազգիներ: Այնուհետեւ մեկնած են Պուէնոս Այրէս, ուր ելոյթներն ու հանդիպումները առաւել յագեցած եղած են: 600 հայ եւ օտար աշակերտներու համար համերգ կազմակերպուած է Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գործող «Սիրանոյշ» դահլիճին մէջ, ելոյթներ ունեցած են Վիսենտէ Լոփէսի «Դերձակեան» վարժարանին մէջ, Հայ օգնութեան միութեան ծերանոցին մէջ, «Նայիրի» պարախումբի համերգին ընթացքին եւ այլն: Համերգներուն զուգահեռ` Պուէնոս Այրէսի մէջ երգիչները շարք մը հանդիպումներ ունեցած են համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ, այցելած են համահայկական կառոյցներ, աւանդական կուսակցութիւններու գրասենեակներ եւ Սուրբ Պատարագի մասնակցած:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Սոֆի Մխէյեան նշեց, որ առաջին անգամ կ’այցելէին Պրազիլի եւ Արժանթինի հայկական համայնքներ, համերգները շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած են, ամէնուր հայկական շունչն ու ոգին թեւածած է: Անոնց յատկապէս յուզած է այն, որ մեր հայրենակիցները, Հայաստանէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, կրցած են պահպանել հայկական ինքնութիւնն ու ազգային դիմագիծը:
«Համերգային շրջագայութիւններէն մեծ տպաւորութիւններով վերադարձած ենք, կը կարծեմ` կրցանք մեր հայրենակիցներուն ազգային տօն պարգեւել: Պրազիլի եւ Արժանթինի մէջ ապրող հայերը հետաքրքրուած են հայկական մշակոյթով, ամէն ինչ կ’ընեն` Հայաստանի հետ կապը չխզելու եւ իրենց արմատներէն չհեռանալու համար: Ամենակարեւորը, որ նկատեցինք` համայնքերու համախմբուածութիւնն էր»,-ըսաւ Սոֆի Մխէյեան` աւելցնելով, որ իրեն հիացուցած է հայ երիտասարդներու հայրենասիրական ոգին, որոնք ազգային, ժողովրդական կատարումներու ժամանակ խանդավառութեամբ ձայնակցած են` թէժացնելով դահլիճին մէջ տիրող բարձր տրամադրութիւնը:
Սոֆի Մխէյեան զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ համայնքներուն մէջ առկայ խառնամուսնութեան, ուծացման եւ լեզուի պահպանման մտահոգիչ խնդիրներուն` նկատելով, որ օտար միջավայրի մէջ այս վտանգէն զերծ պահելու համար գործուն քայլեր կը կատարեն յատկապէս երիտասարդներու ծնողները:
«Մեզի համար շատ կարեւոր էր Պուէնոս Այրէսի Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեանի հետ հանդիպումը, ան մեզ բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերեց, որուն համար այնչափ շնորհակալ ենք: Անոր հետ շփման արդիւնքով հասկցանք, որ ոչ միայն բարեխղճօրէն հետամուտ է իր հոգեւոր առաքելութեան ու համայնքը եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելուն, այլեւ աշխուժօրէն ազգանպաստ աշխատանքներ կ’իրականացնէ: Ուրախ ենք, որ ճանչցանք Հայր Սուրբը»,- նշեց երգչուհին:
Զրոյցի աւարտին Սոֆի Մխէյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` իր եւ Արսէն Սաֆարեանի համերգային շրջագայութիւնը կազմակեպելու համար` ընդգծելով, որ այսպիսի նախաձեռնութիւնները եւս կը նպաստեն Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման:
Գէորգ Չիչեան