Առանց Հայրենիք Սփիւռք Գոյութիւն Չունի. Համբիկ Մարտիրոսեան
Հոկտեմբեր 20-ին մեկնարկած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը Հոկտեմբեր 20-22 իրականացուեցաւ Երեւանի մէջ, իսկ 23-24` Ստեփանակերտի մէջ: Համաժողովը կազմակերպած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի եւ լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան հետ համատեղ: Համաժողովը այս տարի մեծ խորհուրդ ունէր եւ նուիրուած էր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին: Աշխարհի 31 երկրէ համաժողովին մասնակցելու ժամանած 140 լրագրողներ հայրենիք եկած էին որպէս Սփիւռքի զարկերակներ, որոնք Հայաստան-սրտի ամէն տրոփիւնը զգալի ու տեսանելի կը դարձնեն մոլորակի իւրաքանչիւր հատուածին մէջ:
Համաժողովին կը մասնակցէր նաեւ Լիբանանի «Խօսնակ» ամսաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան: Ըստ անոր` շատ խորհրդանշական է, որ համաժողովը կ’ընթանայ Անկախութեան 25-ամեակը բոլորելէ ուղիղ մէկ ամիս անց` հայրենքի սրտին մէջ համախմբելով Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի շարք մը լրագրողներու, որոնք մէկ նպատակ ունին` դնել եւ ազդանշել նոր մեկնակէտ: «Նոր տեսիլքով ու երազով եկած ենք, կարօտով եւ գուրգուրանքով դէպի մեր հայրենիքը, լեզուն ու մշակոյթը: Եկած ենք նոր նպատակներով ու յոյսերով, եկած ենք եւս մէկ անգամ ապացուցելու, որ հայրենիքը Սփիւռքին կամրջուած է աներեւակայելի ձգողականութեամբ, այն մօր նման, որ իրմէ հեռու գտնուող զաւակներուն համար օր ու գիշեր աղօթք կը հնչեցնէ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը նշէ պարոն Մարտիրոսեան:
Սփիւռքի լրագրողները իրենց մասնագիտութեան միայն մասնագիտական պատասխանատուութիւններու ու պարտականութիւններու տեսանկիւնէն չեն մօտենար. անոնց համար լրագրող ըլլալը նախ եւ առաջ առաքելութիւն է, որուն նպատակներէն մէկն ալ սփիւռքահայերուն հայրենիքի կեանքին մշտապէս հաղորդակից դարձնելն է: Սփիւռքի մէջ գործող շատ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ կրցած են նաեւ օտար միջավայրի մէջ հայուն հայ պահել` սկսած «Ազդարար»-էն ու «Հիւսիսափայ»-էն «Մշակ»-էն ու «Մուրճ»-էն մինչեւ «Նայիրի», «Փիւնիկ» եւ «Հայրենիք»: Պատահական չէր նաեւ, որ հէնց Սփիւռքի մէջ հիմք դրուեցաւ հայկական մամուլին, մասնաւորապէս նաեւ` գրական մամուլին: «Մենք լաւ կը գիտակցինք լրագրողին դերը Սփիւռքի մէջ: Մեզի համար հայրենիքը ներշնչում է, եւ մենք այդ ներշնչումը կը փոխանցենք մեր միւս հայրենակիցներուն` Հայաստանը դարձնելով մեր հոգեւոր աշխարհի ողնաշարը: Մենք կ’ապրինք Հայաստանի առօրեայով ու հոգերով, հայրենիքի յաղթանակը մեր յաղթանակն է, կորուստները` նաեւ մերը: Լուսաւորելու, տեղեկացնելու, Հայաստան-Սփիւռք կապը ամրացնելու պարտականութիւնը եւս մեր` լրագրողներուս ուսերուն է, մանաւանդ այն լրագրողին, որ սրտցաւօրէն կը հետաքրքրուի հայրենիքի կեանքով եւ նպատակ ունի Սփիւռքը առնչելու Հայաստանին: Սփիւռքի լրատուամիջոցներու լրագրողները պէտք է ամէն բան գիտակցելու, ընկալելու եւ հասկնալու իւրայատուկ կարողութիւն ունենան, կարենան ճիշդ զտել, ընտրել եւ հրամցնել լրահոսը լսարանին ու ընթերցողին»,- կ’ըսէ «Խօսնակ»-ի խմբագիրը:
Ըստ պարոն Մարտիրոսեանի` մարտահրաւէրները այսօր բազմաթիւ են` լեզուի եւ ինքնութեան խնդիր, մշակոյթի եւ հայապահպանութեան հարց, ազգային արժէքներու գիտակցում, հայ ընտանիքի պահպանում, որոնցմէ խուսափելու միակ ելքը հայրենիքի հետ սերտ եւ մշտական կապն է: «Այդ կապը այսօր առաւել քան ամուր է: Վերջին տարիներուն այն աւելի ամրացաւ Սփիւռքի նախարարութեան, յատկապէս` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ջանքերով: Ան բազում թելերով ու միջոցներով Սփիւռքը կամրջեց Հայաստանին, ստեղծեց միասնականութեան մթնոլորտ: Այս ամէնուն շնորհիւ մենք շատ խնդիրներ դիւրութեամբ կը լուծենք, միասնաբար կը քննենք եւ կը հասնինք վերջնական ու ցանկալի արդիւնքի: Մենք պէտք է մէկ բան լաւ գիտակցինք նաեւ, որ առանց Հայրենիք Սփիւռք գոյութիւն չունի, որքան շուտ Հայաստան հզօրանայ, այնքան շուտ Հայրենիքն ու Սփիւռքը կը դառնան մէկ միաւոր` մէկ միասնական հողի վրայ, մէկ հայրենիքի սահմաններու մէջ: Մենք հիմա մեր ոսկեդարը կ’ապրինք` ունենալով կայացած անկախութիւն, որուն մէջ կը կերտենք մեր ինքնութիւնն ու ինքնաճանաչումը, գիտենք` մենք ով ենք, կը մնայ միայն` մէկ բռունցք դառնալ, միաւորուիլ»,- կը շեշտէ Համբիկ Մարտիրոսեան:
Ամալիա Կարապետեան