Կոչ՝ Կաղանդի Օրերուն Սուրիահայութեան Օժանդակութեան
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինը կը շնորհաւորէ մեր գաղութի հայրենակիցներուն Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը եւ կը փոխանցէ մէկ խնդրանք՝ Տօնական օրերու բարի կամեցողութեան ու հոգեկան գոհունակութեան մեծագոյն բարիքը միասնաբար վայելե՛նք, մեր բարոյական ու նիւթական օժանդակութեամբ զօրակցելով սուրիահայ տառապող մեր հայրենակիցներուն:
Կը խնդրուի ձեր «չէք»երը ղրկել հետեւեալ հասցէին՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948: