Հայ Իրաւաբանական Միութեան Տարեկան Համաժողովը՝ Մայիս 30-Յունիս 1

Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան 25րդ համաժողովը պիտի իրականացնէ Նիւ Եորքի մէջ, Մայիս 30էն Յունիս 1ի միջեւ. անոր պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն եւ աշխարհի տարածքէն հայ իրաւաբաններ:

Ծրագրուած են երեք ներկայացումներ ու խորհրդակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ընթրիք մը՝ Ուրբաթ, Մայիս 30ի երեկոյեան, եւ ճաշ մը՝ Շաբաթ օր:

Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան ատենապետ Կարօ Ղազարեան կը հրաւիրէ բոլոր հայ իրաւաբանները, որ մասնակցին այս կարեւոր հաւաքին, որուն ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան շարք մը յայտնի իրաւագէտներ: «Հաւաքը առիթ պիտի ըլլայ նաեւ տօնելու հայ իրաւաբաններուն շահերը պաշպանող կազմակերպութեան 25ամեակը», կ՛աւելցնէ ան:

Շաբաթ օր կայանալիք առաջին ներկայացումը յատկացուած է «Բարոյագիտութիւն ընկերային լրատուամիջոցներուն մէջ» նիւթին, առաջնորդութեամբ միջազգային «Սթէյսի Քէյ. Մարքըս» իրաւաբանական հիմնարկէն՝ Ռիտ Սմիթի:

Երկրորդ նիստին նիւթն է «Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մարդկային իրաւանց մտահոգութիւնները», իսկ գլխաւոր բանախօսն է փրոֆ. Մարք Էլ. Մովսէսեան՝ «Սէյնթ Ճան» համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքէն:
Երրորդ նիստը նուիրուած է «Հայկական հնութիւնները ու մշակութային հարստութիւնը պահպանելու օրինական ջանքերը» նիւթին: Քննարկումը պիտի համադրէ իրաւաբան Մարք Էյ. Մոմճեան, իսկ անոր պիտի մասնակցին Քլեր Քէտէշեան, Անահիտ Ուղուրլայեան եւ Ելենա Համբարձումեան:

Շաբաթ օրուան ընթրիքը, որ տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորք քաղաքի իրաւաբանական միութեան շէնքին մէջ, իբրեւ գլխաւոր բանախօս պիտի ունենայ Վենեթ Ռաթ, որ մարդկային իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութեան մը՝ Մարդկային իրաւանց դէտի («Human Rights Watch»), գործադիր վարիչն է:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել հետեւեալ հասցէներուն՝
gmoomjian@mwcllp.com, nyfed@aol.com կամ
lisa@armenianbar.com:

asbarez.com

Scroll Up