Աստուածաշնչային Ընկերութեան Ներկայացուցիչները Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/10/ընկերություն.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Զուիցերիոյ Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Էւա Թոմին, Գերմանիոյ Շթութկարտ քաղաքի Լիւթերական եկեղեցւոյ տեսուչ Էքարտ Շուլց-Պերգը, Հայ Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեանը, ծրագիրներու տնօրէն Արշաւիր Կափուճեանը եւ մանկապատանեկան ծրագիրներու տնօրէն Մարիամ Ապրեսեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց աշխարհի բոլոր աստուածաշնչային ընկերութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու սերտացումն ու անոնց ջանքերու համատեղումը: Ան կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ Աստուածաշնչային ընկերութեան ստեղծումը եւ ծաւալած արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, որ տարբեր կրթական ճանաչողական ծրագիրներ կ’իրականացնէ, հրատարակելով եւ տարածելով Աստուածաշունչը, թարգմանելով Ս. Գիրքին առնչուող գրականութիւն:
Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեանին այն նուիրումին համար, որով անոր գլխաւորած կազմակերպութիւնը հասարակութեան տարբեր խաւերու, երեխաներու, լսողական խնդիրներ ուեցողներու համար յատուկ ծրագիրներ կ’իրականացնէ` Աստուծոյ խօսքը հասու դարձնելով բոլորին:
Քննարկուեցան նախարարութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան որոշ ծրագիրներ իրականացնելու եւ յետագայ համագործակցութեան հետ կապուած այլ հարցեր: