ԱՄՆ Միշիկըն Նահանգը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը
ԱՄՆ Միշիկըն նահանգը ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը յայտնէ Միշիկընի հայ դատի յանձնախումբը:
ԱՄՆ Միշիկըն նահանգի Ծերակոյտը ընդունած է բանաձեւ, որ կոչ կ’ուղղէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրէսին Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու, ինչպէս նաեւ Արցախի հետ տնտեսական եւ մշակութային կապեր հաստատելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան աջակցելու:
Միշիկընը ԱՄՆ 8-րդ նահանգն է, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: