Աւարտեցաւ «Արի Տուն» 2017 Ծրագիրի Վերջին Փուլը
Օգոստոս 25-ին Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի վերջին` ութերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, մշակոյթի գործիչներ, հիւրեր:
«Արի տուն» ծրագիրի 8-րդ փուլին կը մասնակցին 67 պատանիներ 13 երկրէ` Ռուսատանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Ապխազիայէն, ԱԷՄ-էն, Սուրիայէն, Լաթվիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Ռումանիայէն, Մեծ Բրիտանիայէն եւ Լեհաստանէն:
Ողջունելով ծրագիրի մասնակից սփիւռքահայ պատանիներն ու աղջիները` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան փոխանցեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի՛ պատանիներ եւ աղջիկներ, ուրախ եմ ողջունել ձեզ Հայրենիքում : Հաւատում եմ, որ այս օրերը ուրախ ու բովանդակալից են անցել, եւ այսուհետ ձեր կապը Հայրենիքի հետ աւելի կը սերտանայ Հաւատում եմ, որ մեծանալու էք որպէս հպարտ հայեր, պահպանելու էք մեր ազգի պատիւը, լաւ էք սովորելու: Հաւատում եմ, որ Հայաստանում էք թողնելու ձեր սրտի մի մասնիկը եւ անընդհատ վերադառնալու էք»:
Արիտունցիները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած էին ճամբարային օրերուն ընթացքին:
Նշենք, որ 2017 թուականին «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը հիւրընկալած է 36 երկրէ ժամանած 1061 սփիւռքահայ երիտասարդներու:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրը կ’իրականացուի 2009 թուականէն:
2018թ. ծրագիրը կը բոլորէ 10 տարին: Այս տարիներուն ընթացքին ծրագիրը դարձած է սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայրենիք այցելութիւններու իրական այցեքարտը: Աշխարհի 54 երկրէ ժամանած` 13-18 տարեկան աւելի քան 7600 սփիւռքահայ պատանիներու ու աղջիկներու «Արի տուն»-ը ճանաչելի դարձուցած է Հայաստանը, նպաստելով անոնց գիտակցութեան մէջ հայրենասիրութեան եւ հայոց պետականաստեղծ գործին աջակցելու ցանկութեան, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան մասնիկ ըլլալու գիտակցութեան ձեւաւորման, հայ ժողովուրդի սովորոյթներուն ու աւանդոյթներուն, հայ ընտանիքին եւ հայ մարդու կերպարի առանձնայատկութիւններուն ծանօթանալուն:
Թեւակոխելով իր առաջին 10-ամեայ յոբելեանը, ծրագիրն ունի զարգացման հեռանկար. Կը նախանշուին փոփոխութիւններ, որոնք նպատակաուղղուած են ծրագիրի ընդլայնման, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու երիտասարդութեան ներգրաւման Հայրենիքի զարգացման ու Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նուիրական գործին: