Արամ Քէթէնճեանի Գրական, Հոգեւոր Եւ Մանկավարժական Աշխարհը

Իրաքահայ բանաստեղծ եւ ուսուցիչ, սարկաւագ Արամ Քէթէնճեան ծնած է Պաղտատ: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած  Պաղտատի ազգային միացեալ վարժարանին մէջ, ապա ուսանած Պաղտատի «Վարչութիւն եւ տնտեսութիւն» համալսարանին մէջ:

1976 թուականին անդամակցած է Պաղտատի հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան գրական խմբակին, նաեւ  «Կոմիտաս» քառաձայն երգչախումբին` որպէս մեներգիչ, ապա տարիներ յետոյ` նոյն միութեան վարչութեան ատենադպիր: 1980 թուականին անդամակցած է Իրաքի Առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Դպրաց դասին, իսկ 1996 թուականին Գերաշնորհ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի ձեռամբ ձեռնադրուած է սարկաւագ:

Աւելի քան երեսուն տարիներու իր բերած ծառայութիւններուն համար 2012 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ արժանացած է Սրբատառ կոնդակի: Առաջնորդարանին մէջ ծառայած է իբրեւ Դիւանապետ, յետոյ նաեւ Թեմի Առաջնորդի անձնական քարտուղար: Այս ընթացքին եղած է «Կանթեղ» եռամսեայ պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ,  նոյն ժամանակ հայոց լեզու եւ կրօն  դասաւանդած է Պաղտատի ազգային տարրական երկսեռ վարժարանին մէջ, ուր մինչեւ օրս ուսուցիչ կ’աշխատի:

Արամ Քէթէնճեան նաեւ օժտուած է ստեղծագործելու ձիրքով. առաջին հերթին ազգային, հայրենասիրական թեմաներ կ’արծարծէ, քնարերգակ է, նոյնիսկ աղօթքներ կը գրէ:

Գրական գործունէութիւնը սկսած է 1979 թուականէն, բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է, տպագրուած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի թերթերուն, հանդէսներուն մէջ: Առաջին գիրքը` «Նշոյլ հրճուանքի» վերնագիրով, հրատարակած է 2011 թուականին` Հալէպի մէջ, իսկ 2013 թուականին Երեւանի մէջ հրատարակած է «Կարօտ ու բերկրանք» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

2015 թուականին ընկերներու քաջալերանքով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով «Մասունքներն ենք Արարատի» խորագիրով 100 քառատող բանաստեղծութիւն  գրած է, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը հաւանութիւն  տուած է հրատարակելու համար: Չորրորդ գիրքը «Երկիր ու երկինք» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն է:

Բազմավաստակ ուսուցիչը «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուց, որ   նկատած է սփիւռքահայ երիտասարդները շատ արագ կը ձուլուին տուեալ միջավայրին եւ կը սկսին օտար լեզուով խօսիլ: Այդ ժամանակ ուսուցիչներն արդէն ամէն ջանք կը գործադրեն անոնց` Մայրենին չմոռնալու եւ ինքնութիւնը չկորսնցնելու ուղղութեամբ: Եւ այդ ամէնուն մեծապէս կը նպաստեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականցուող  «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց եւ միւս ազգապահպան ծրագիրները, որոնց կը փորձեն իրաքահայ երիտասարդներուն մասնակից դարձնել: Աւելցնենք նաեւ, որ Արամ Քէթէնճեան այս տարի մասնակցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի հայոց լեզուի եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստման դասընթացքին, որմէ ստացած տպաւորութիւններով ալ զրոյցն ամփոփեց. «Բարձր կը գնահատեմ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի իրականացումը: Բանիմաց ու փորձառու դասախօսներ  դասախօսեցին, որոնք մեզի հետ սիրայօժար իրենց հմտութիւններով կիսուեցան: Նոր մեթոտներու ալ ծանօթացանք, որոնք շատ հետաքրքրեցին զիս: Այդ բոլորը պիտի փոխանցեմ աշակերտներուս»:

  Գէորգ Չիչեան

 

 

Scroll Up