Իրաքի Թեմի Զախոյի Հոգեւոր Հովիւը Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանեաց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի Զախոյի հոգեւոր հովիւ Տէր Մամբրէ քահանայ Հմայեակեանը:

Նախարարը կարեւոր համարեց համայնքին մէջ հայապահպանութեան միտուած աշխատանքները, հայկական կիրակնօրեայ դպրոց ստեղծելուն ուղղուած եկեղեցւոյ ջանքերը:

Տէր Մամբրէ քահանայ Հմայեակեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ եկեղեցւոյ կից կիրակնօրեայ դպրոցի ստեղծման աջակցելու համար: Ան բարձր գնահատեց Սփիւռքի նախարարութեան հայապահպանութեան ուղղուած ծրագիրները, առանձնակի կարեւոր համարեց նախարարութեան պատուէրով քրտերէն-հայերէն, հայերէն քրտերէն բառարանի հրատարակումը, նշեց, որ եկեղեցւոյ սարկաւագ Օհաննէսը կը մասնակցի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքին: Նախարարութեան «Սփիւռքի կրթօճախներուն ուսումնական գրականութեան եւ ուսումնաօժանդակ նիւթերու մշակում եւ տրամադրում» ծրագիրի ծիրէն ներս նորաստեղծ կրթօճախին տրամադրուած է դասագիրքեր եւ օժանդակ նիւթեր: Իսկ «Արի տուն» ծրագիրին Իրաքէն մասնակցած է 14 երիտասարդ, որմէ 3-ը` Զախոյէն: Հոգեւոր հովիւը հաւաստիացուց, որ դպրոցը կը նպաստէ նախարարութեան ծրագիրներուն առաւել մեծ թիւով մասնակիցներու ներգրաւման:

Տէր Մամբրէ քահանայ Հմայեակեան տեղեկացուց, որ Հիւսիսային իրաքի մէջ կ’ապրի շուրջ 700 հայ, կը գործէ 1923թ. Հիմնադրուած եկեղեցին: Համայնքը ունի ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակ, որ կը ղեկավարուի հոգեւոր առաջնորդին կողմէ: Պետութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններուն հանդէպ բարեհաճ է: Հիւսիսային Իրաքի մէջ առանձնակի համակրանք կը տածեն հայերուն հանդէպ: Համայնքը կը համալրուի Պաղտադէն եւ Մուսուլէն տեղափոխուող հայերով:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւններու ծիրին մէջ հայ համայնքի վիճակը եւ խնդիրները:

Scroll Up